ԿԱՅՈՒՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքով կայուն լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երէկ գիշեր բոլոր ուղղութիւններով ընթացան սաստիկ մարտերը, որոնք այս օրուան սկիզբին ալ շարունակուեցան՝ միշտ ծանր հետեւանքներով։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան այս առաւօտ իրավիճակին շուրջ ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդելու ժամանակ շեշտեց, որ սկսած են վերստին թափ հաւաքել ահաւոր բախումները։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ երեկոյեան հերթական անգամ տեղեկացուց, որ դիրքերու պարագային ռազմավարական նշանակութեամբ փոփոխութիւններ խնդրոյ առարկայ չեն՝ թէեւ իրադրութիւնը բաւական յարափոփոխ է։

Արցախի այս անգամուան մեծ պատերազմը արդէն գործնականին մէջ ունի յաւելեալ կողմ մը։ Այսինքն, Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առընթեր ուղղակիօրէն Թուրքիան ալ կը պայմանաւորէ իրադարձութիւններու ընթացքը։ Վերջին օրերու դէպքերը արդէն անհերքելիօրէն ի յայտ կը բերէ այս երեւոյթը։ Երէկ, Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակողական գործողութեան օդային ղեկավարումը յանձնած է Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն։ Ըստ հայկական կողմի հաղորդումներուն, երէկուան ռմբակոծումներուն ժամանակ ալ հայկական կողմը խաղաղ բնակիչներու շարքերէն ունեցաւ կորուստներ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը երէկ հաղորդեց, որ բախումներու ընթացքին ոչնչացուցած է «Սմերչ», «Ուրական» եւ այլ տեսակի համազարկային կայանքներ, որոնք կ՚օգտագործուէին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Ըստ հայկական աղբիւրներուն, երկու կողմերն ալ վերջին բախումներուն ժամանակ շարունակած են ունենալ կորուստներ։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բոլոր ուղղութիւններով կատարուած յարձակումները կը ձախողին։ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանին խաղաղութիւն պիտի պարտադրուի։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան այս անգամ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար երկխօսութեան մէջ պէտք է մտնէ ո՛չ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլեւ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ։ «Չեմ գիտեր՝ ռուսական իշխանութիւնը ի՞նչքանով պատրաստ է խօսելու Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ», ըսաւ ան։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական համարեց օր մը առաջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ատրպէյճանի բանակին կողմէ օգտագործուած ծանր հրետանին բնակավայրերու մէջ կը թաքցուի՝ ժողովուրդը կենդանի վահան դարձնելով։ Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները կը կատարեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց այժմ Թուրքիա կը փորձէ մտնել ռուսական անվտանգութեան գօտիներուն մէջ։

Այս փուլին Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողքին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հերթական անգամ ընդգծեցին Թուրքիոյ վճռակամութիւնը եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ զօրակցութիւնը։ ՃՀՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահ Էնկին Էօզքոչն ալ երէկ խումբ մը երեսփոխաններու հետ այցելեց Անգարայի Ատրպէյճանի դեսպանատունը։

Պաքուէն ալ երէկ հնչած յայտարարութիւնները չունեցան մեղմացում։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ հնչեցուած հրադադարի կոչերուն փոխարէն՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արմատական տեսակէտ արտայայտեց։ Ան յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի դադրեցնէ՝ միայն եթէ Հայաստան ետ քաշէ իր զօրքերը։

Պաքուի աղբիւրները երէկ ալ անդրադարձան նախօրէին Հայաստանի ռազմաօդային զօրքերու օդանաւի խոցման։ Հայկական կողմը հաղորդած էր, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական ռազմաօդանաւ մը եւ օդաչուն նահատակուած։ Երէկ հրապարակուեցան համապատասխան տեսանիւթեր եւ փաստեր հայկական կողմէն՝ այս հարցին շուրջ։ Անգարա եւ Պաքու արդէն հերքած էին այդ բոլորը։ Պաքուի աղբիւրները երէկ դարձեալ անդրադարձան այս խնդրին։ Ըստ իրենց, հայկական կործանիչները լեռ մը բախելու հետեւանքով անկում կրած են։

Հակամարտութեան գօտիէն հասած վերջին լուրերը միշտ մտահոգիչ են։ Երէկ գիշերուայ յարաբերական կայուն լարուածութենէն վերջ այս առաւօտ արդէն վերստին սաստկանալ սկսած են կռիւները։ Թէժացման լուրերուն զուգահեռ Արցախի աղբիւրները կը շեշտեն, որ զգօնութիւնը որեւէ պարագայի մէջ պէտք չէ թուլանայ ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններուն վրայ։

Միւս կողմէ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ Արցախի ի նպաստ ձեռնարկուած հանգանակութիւնը կը շարունակուի։ Ըստ վերջին լուրերուն, ցարդ շուրջ 11 միլիոն ամերիկեան տոլար հանգանակուած է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020