ԱԼԵՔՍԷՅ ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ՈՐԵՒԷ ԽՕՍՔ ՉԿԱՅ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՄԱՍԻՆ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով կը քննարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը։ Ըստ Լաւրովի, այս հնարաւորութիւնը կ՚արժեւորուի՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու իրականացման բարենպաստ պայմաններ ստեղծուելուն նպաստելու համար։ Ռուս նախարարը մասնաւորապէս կանգ առաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ ընդհանուր առմամբ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ՝ ներառեալ համապատասխան պայմանագրի կնքումը։ Լաւրով ընդգծեց նաեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) աջակցութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար։

Երէկ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի աշխատանքային խումբի բանակցութիւններուն մէջ որեւէ խօսք չկայ ու չի կրնար ըլլալ արտատարածքային միջանցքի մը մասին։ Իր խօսքով՝ եռակողմանի աշխատանքային խումբը գրեթէ երկու տարիէ ի վեր քրտնաջան մեծ աշխատանք տարած է։ Բանակցութիւններու արդիւնքով կողմերը ունին երթուղիներու տեսլական։ Այդ մէկուն իրականացումը կրնայ ապահովել տարածաշրջանի ապաշրջափակումը։

Ռուսական օրաթերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Օվերչուք ընդգծեց, որ ճանապարհներ բանալ կամ կառուցել կարելի է՝ երբ միայն կողմերը յստակ որոշեն երկիրներու միջեւ սահմաններու հատման իրաւական դրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ճանապարհներով երթեւեկութեան կարգը։ Ռուս փոխ-վարչապետը նշեց, որ Մոսկուա միշտ պաշտպանած է կողմերու ինքնիշխանութեան սկզբունքը եւ այս շրջանակին մէջ  կը նախատեսուի նաեւ ճանապարհներու պարագային ալ ինքնիշխանութեան իրականացումը։

Բաց աստի, Օվերչուք նշեց, որ Ռուսաստան շահագրգռուած է ապագային եւս Հայաստանի հետ զարգացնել փոխադարձ առեւտուրն ու ներդրումները։ Իր խօսքով՝ ապաշրջափակման պարագային դէպի Հայաստան ռուսական ներդրումներու հոսքը կրնայ հասնիլ 5 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Ան համոզուած է, թէ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ դրական պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարեց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարումը երաշխիքն է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան։ Իր խօսքով՝ շարք մը արտատարածաշրջանային խաղացողներ կը փորձէին իւրացնել խաղաղ կարգաւորման կամ խաղաղութեան համաձայնութեան դափնիները։ Այդ նոյն ուժերը կը փորձեն Ուքրայնայի անկայուն իրավիճակը Հարաւային Կովկաս տեղափոխել։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի այցելել Իրան, որ տարածաշրջանի յառաջատար խաղացողներէն է եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը բարձրաձայնէ, որ իրեն համար անընդունելի է Հայաստանի հետ սահմանին վտանգուիլը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022