ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԴԻՐՔ ԳՐԱՒԱԾ Է ՎԱՐԴԵՆԻՍԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ստեղծուած ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի պատկան մարմինները կազմակերպեցին ուղեւորութիւն մը, որպէսզի Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու պատուիրակութիւնները այցելեն այն սահմանամերձ շրջանները, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով տուժած են լրջօրէն։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ Առաքել Մարտիկեան տեղեկացուց, որ վերջին դէպքերուն ժամանակ Ատրպէյճան Վարդենիսի ուղղութեան վրայ գրաւած է քանի մը մարտական դիրք։ Հայաստանի ամենամեծ տարածքային կորուստը եղած է Ջերմուկի հատուածին մէջ։ «Մենք կը սպասենք, կը պատրաստուինք հակառակորդը դիմակայելու», ըսած է զօրավարը։ Այս վերջինը դիւանագէտներու նկատառման յանձնած է նաեւ, որ հայկական կողմը գիտէ, թէ ո՞ւր, քանի՞ դիակ կայ, բայց զանոնք դուրս բերելու փորձերը դէմ յանդիման կը մնան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ուժեղ կրակին։

Նոյն ուղեւորութեան արդիւնքներու ամփոփման ժամանակ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեանն ալ օտարերկրեայ դիւանագէտներուն յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը քանի մը անգամ սահմանային շրջաններէ ներս զօրքերու հայելային ետքաշում առաջարկած է։

Հարկ է նշել, որ Պաքու պաշտօնապէս բողոք յայտնած է զօրավար Առաքել Մարտիկեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն դէմ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022