ԽԱՂԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրումը միշտ կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Բազմաթիւ յառաջատար միջազգային դերակատարներ ալ այս գործընթացին կը փորձեն ներազդել։ Մինչ այդ, «Քարնեկի» հիմնարկի Եւրոպայի մասնաճիւղի աւագ հետազօտող Թոմաս տը Վաալ յայտնեց, որ Ռուսաստան հանդէս եկած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծով մը, որ անորոշ ժամանակով կը յետաձգէ Արցախի կարգավիճակի յստակեցման հարցը։ Ըստ իրեն, այս բանաձեւը հայկական կողմին շատ աւելի դիւր կու գայ՝ քան Եւրոպայի առաջարկը։ Թոմաս տը Վաալ, որ մասնագիտացած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի տարածաշրջանային հարցերուն վրայ, վերջերս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ կատարուած յարձակումներու լոյսին տակ ստորագրած է ծաւալուն յօդուած մը։

«Հայաստանի, Ատրպէյճանի գլխին աւելի շատ փոթորկուն ամպեր կը կուտակուին» վերնագրեալ յօդուածին մէջ հեղինակը նշած է, որ բնականոն ժամանակներուն Հարաւային Կովկասէ ներս բռնութիւններու աճը շատ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Վերլուծաբանը սեպտեմբերի 13-14-ին տեղի ունեցած բախումներուն շուրջ հրապարակուած տուեալներուն լոյսին տակ շեշտած է, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ատրպէյճան ունին քիչ բնակչութիւն, ուստի կորուստներու վերաբերեալ թիւերը սարսափելի են։

Հրադադարի կասեցուցած 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր վերջին դէպքերը եղած են երկու երկիրներու միջեւ ամենածանր բռնութիւնը։ «Ատրպէյճանի ուժերը, ըստ երեւոյթին, դեռ կը վերահսկեն Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։ Մարտերը տեղի ունեցած են Պրիւքսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու 4-րդ փուլէն ընդամէնը երկու շաբաթ անց։ Այնտեղ յառաջընթաց արձանագրուած էր։ Կարեւոր է, որ դէպքերը հետեւած են Ռուսաստանի ռազմական նուաստացման Ուքրայնայի կողմէ Խարքովի մարզէն ներս։ Որոշ լրատուամիջոցներ մոլորեցուցիչ ձեւով մարտերը ներկայացուցած են՝ որպէս սահմանային բախումներ եւ յղում ըրած են Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին, որ աւելի քան 30 տարուան հակամարտութեան վայրն է։ Բայց Ղարաբաղի մէջ, ուր այժմ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները կամ իսկապէս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ մարտեր տեղի չեն ունեցած։ Այդ բոլորը եղած է Հայաստանի տարածքին։ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ եղած են հայկական սադրանքներ, ինչ որ հնարաւոր չէ ստուգել։ Ականատեսները կը նկարագրեն ռազմական կառոյցներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ուժեղ գնդակոծութիւնները՝ ի թիւս այլ վայրերու Սոթք գիւղին եւ առողջարանային Ջերմուկ քաղաքին մէջ, որու քաղաքացիական բնակչութիւնը տարհանուած է։ Կան արժանահաւատ տեղեկութիւններ վայրագութիւններու եւ երկու նահատակեալ հայ կին զինուորի սարսափելի պղծման մասին։ 2020 թուականի պատերազմին ճնշող յաղթանակ տանելէ ի վեր, Ալիեւ օգտագործած է այն, ինչ որ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան անձ մը ինձ նկարագրած է՝ որպէս «հարկադրական դիւանագիտութեան» ռազմավարութիւն Հայաստանի դէմ՝ բանակցութիւններու եւ ուժի խառնուրդ», վերլուծութեան մէջ նշած է Թոմաս տը Վաալ։

Այս կէտէն սկսեալ վերլուծաբանը մատնանշած է, որ 2020 թուականին Ալիեւ հասած է իր պատերազմական նպատակներէն շատերուն, բայց ոչ բոլորին։ Ան այժմ ունի նոր նպատակներ։ Առաջինը՝ Հայաստանը կը պարտադրէ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր մը, որով Հայաստան կը հրաժարի Ղարաբաղի հայաշատ շրջանի պահանջներէն։ Երկրորդ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատում՝ Ատրպէյճանին յարմար ձեւով։ Երրորդը՝ նոր ճանապարհային երկաթուղային գիծն է, որ Հայաստանի տարածքով կը կապէ Նախիջեւանին։ Սա կը կոչուի Զանգեզուրի միջանցք՝ նուազագոյն ստուգումներով եւ հսկողութեամբ։

Ըստ Տը Վաալի, բռնութեան վերջին փուլը 2020 թուականէն ի վեր ամենադաժանն ու վտանգաւորն է։ Ան կարծես թէ ուղղուած է որքան Հայաստանի՝ նոյնքան ալ Ռուսաստանի դէմ։ «Ռուսաստան պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանին ինչպէս երկկողմանի պաշտպանական պայմանագրի, այնպէս ալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անոնց անդամակցութեան բերումով։ Բայց Ռուսաստան վատ վիճակի մէջ է Ուքրայնայի մէջ։ Ատրպէյճան մտադիր է ապացուցանել, որ Ռուսաստան դանդաղ կ՚աջակցի իր դաշնակցին, իսկ ՀԱՊԿ-ն թուղթէ վագր մըն է. բան մը, զոր կ՚ապացուցանէ նաեւ եզակի կազմակերպութեան ձախողումը՝ Խրղըզիստանի եւ Տաճիկիստանի անդրսահմանային յարձակումները», նշած է Թոմաս Տը Վաալ։

Աւելի վերջ վերլուծաբանը յիշեցուցած է, որ ներկայ տարուան ողջ տեւողութեան Հայաստան եւ Ատրպէյճան բանակցութիւններ վարած են Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Վերջին դէպքերը չի նշանակեր, որ բանակցութիւնները կեղծ էին կամ ժամանակի վատնում՝ ինչպէս կը պնդեն կարգ մը մեկնաբաններ։ Իրականութեան մէջ, այդ բանակցութիւններուն ժամանակ բաւական յառաջընթաց արձանագրուած էր։ Ամրան սկիզբին երկու կողմերը համաձայնութեան հասած էին փոխադրութեան երթուղիներու վերաբերեալ գործարքի էութեան շուրջ՝ մինչեւ որ Ռուսաստան որոշ բարդութիւններ ստեղծեց, ինչ որ դադրեցուց ամէն բան։ Ամառուան ընթացքին անոնք խտացեալ աշխատեցան թեքստերու վրայ, որոնք կը սահմանեն միջպետական պայմանագիրը (Ատրպէյճանի պահանջը)՝ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան դրոյթներով (Հայաստանի պահանջը)։ «Խնդիրը նոյնն է եւ 1991 թուականէն ի վեր ան կը հետապնդէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան բոլոր միջնորդները։ Ոեւէ մէկը գին չի վճարեր «ոչ» ըսելու համար։ Վատ պահուածքի համար դատապարտումը թոյլ է՝ անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 2020 թուականէն առաջ երկու կողմերու կոպիտ պահուածքին համար. օրինակ՝ հայկական կողմէն Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը։ Առաջնորդները կը կարծեն, թէ կրնան հրապարակաւ հրաժարիլ այն ամէն ինչէն, որու մասին պայմանաւորուած են՝ ի մասնաւորի խաղալ ժամանակի վրայ եւ ուժ գործադրել», համոզուած է Թոմաս տը Վաալ։

Անդրադառնալով Ռուսաստանի գործօնին՝ վերլուծաբանը նշած է, որ ան միջնորդ մըն է, որ տակաւին հզօր շահեր ունի՝ նոյնիսկ եթէ իրեն չեն վստահիր որպէս ազնիւ միջնորդ։ Ըստ տեղեկութիւններու, Մոսկուա եւս հանդէս եկած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծով մը, որ անորոշ ժամանակով կը յետաձգէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։ Այս բանաձեւը հայերուն աւելի շատ դիւր կու գայ՝ Եւրոպայի առաջարկին բաղդատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ արթնցուցած է Հայաստանի յոյսերը՝ հակառակ, որ վճռականօրէն կ՚աջակցի Եւրոմիութեան։ Նշանակելով Կովկասի համար նոր բանագնաց Ֆիլիփ Ռիքերը, որ կը նշուի որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ԱՄՆ յառաջ կը քշէ նախկին միջնորդական դրութիւնը, որ ձեռնտու է Երեւանին։ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզիի դէպի Հայաստան համերաշխութեան այցելութիւնն ալ աւելի հակասական հաղորդագրութիւններ կ՚ուղարկէ։

Եւրոմիութիւնն ալ ինքնին երկիմաստ ըլլալ կը թուի։ Այս կէտին վրայ Թոմաս տը Վաալ կը յիշեցնէ, որ անցեալ յուլիսին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն Պաքու այցելած էր Ատրպէյճանի բնական կազը գնելու առաքելութեամբ։ Իր հրապարակային ելոյթին մէջ Ատրպէյճանը անուանած էր «կայուն, վստահելի գործընկեր» եւ նոյնիսկ անգամ մը չէր նշած «խաղաղութիւն» կամ «հակամարտութիւն» բառերը։ Ատրպէյճանցիները այս երեւոյթը մեկնաբանած էին՝ որպէս քարոզչական մեծ յաղթանակ։

Վերլուծաբանը կ՚ընդգծէ, որ վերջին մարտերը խարխլած են Փաշինեանի ներքին դիրքը, որ պարտաւորուած է բանակցութիւններ վարել թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ։ Ըստ Տը Վաալի, մարտերը նաեւ առաջին անգամ տարակարծութիւն յառաջացուցած են Ատրպէյճանէ ներս, նոյնիսկ ոմանց մօտ, որոնք կ՚աջակցէին 2020 թուականի պատերազմին։ Նշանաւոր անկախ փորձագէտ մը Ալիեւը անուանած է առաւելապաշտ՝ զինքը մեղադրելով Հայաստանի հետ հաշտութիւն կնքելու պատմական հնարաւորութիւնը վտանգելու համար։

«Մինչ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ յուղարկաւորութիւններ տեղի կ՚ունենան, այժմ նոր ջանքեր պիտի գործադրուին առաջնորդները բանակցութիւններու վերադարձնելու համար։ Որպէսզի այս բանը յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն ունենայ, Շարլ Միշելի գործընթացը, որ ներկայիս միակ կենսունակն է, շատ աւելի ուժեղ աջակցութեան կարիք ունի Եւրոյանձնաժողովի, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու եւ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Եթէ այդ մէկը դադրի կամ ձախողի, ապա երկու տխուր այլընտրանք պիտի ըլլայ։ Միջնորդութիւնը կրկին գործնականօրէն պիտի փոխանցուի Ռուսաստանին եւ կամ աւելի վատը՝ երկու կողմերը պիտի պատրաս-տըւին յաջորդ պատերազմին», եզրակացուցած է վերլուծաբանը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022