ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Հանրային հեռուստատեսութեան։ Իր յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, կարելի է ըսել, որ հետզհետէ աւելի հաւանական կը դառնայ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած տեսակցութիւնը։ Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հարցազրոյցին ժամանակ հաստատեց, որ պիտի մասնակցի Եւրոմիութեան Փրակի մօտալուտ գագաթաժողովին, որու ծիրէն ներս ծրագրուած է նախագահ Էրտողանի հետ իր տեսակցութիւնը։ Միջոց մը առաջ այսպիսի հաւանականութեան մասին արտայայտուած էր Էրտողան, իսկ նախընթաց օր այդ հաւանականութիւնը կրկնած էր՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։ Ի լրումն այս բոլորին, երէկ ալ Փաշինեան անդրադարձաւ այս հաւանականութեան՝ շեշտելով, որ սա իրենց առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ։ Ուղիղ եթերի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ թրքական կողմերը չեն բացառեր այս տեսակցութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ հաւանական հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի գտնուին սահմաններու բացման, յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։ Արդեօք կը քննարկուի՞ Արցախի հիմնախնդիրը։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Փաշինեան ըսաւ. «Երբ որ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը բացուին, շատ բան կը քննարկուի։ Սա կախուած է նաեւ մեր զրոյցէն, սա մեր առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ։ Հարցերը կախում ունին այն հանգամանքէն, թէ ինչպէս կ՚ընթանայ հանդիպումը»։ Վարչապետը մատնանշեց նաեւ, որ որեւէ ազդակ կամ համաձայնութիւն չկայ, որպէսզի Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները դադրին։ Բայց եւ այնպէս, այս պահու դրութեամբ յաջորդ հանդիպման վայրն ու ժամը համաձայնեցուած չէ։

Հարցազրոյցին ժամանակ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ վաղը Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպման մասին։ Իր խօսքով՝ հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, Հայաստան Ատրպէյճանի հետ պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ առարկայական բանակցութիւններու։ «Մենք չենք հրաժարած այն պայմանաւորուածութիւններէն, որոնք ձեռք բերուած են», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Ժընեւի մէջ կը նախատեսուի նախարարներու միջեւ առարկայական բանակցութիւններու սկիզբը՝ խաղաղութեան պայմանագրի թեքստի մշակման շուրջ։

Վարչապետը համոզուած է, թէ խաղաղութեան պայմանագիրի հիմքին պէտք է գտնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ փոխադարձաբար տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը։ «Եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հիմնուած Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին 18 դեկտեմբեր 1991 թուականին ստորագրուած համաձայնագրի վրայ, ապա Հայաստան պատրաստ է այդ նոյն հիմքին վրայ երթալ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ սա խաղաղութեան պայմանագրի բաղադրիչներէն մին է։

Փաշինեան յիշեցուց, որ այս պահու դրութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը կայուն լարուած է։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի վերջին բռնութեան տեսակէտէ էական ազդեցութիւն ունեցած են Ուքրայնայի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Իր խօսքով՝ ըսել, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահման գոյութիւն չունի, կը նշանակէ ըսել, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը գոյութիւն չունի։ Փաշինեան պարզաբանումներ տուաւ նաեւ այն մասին, թէ ի՞նչ նկատի ունի, երբ կը խօսի սահմանին վրայ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու մասին։ «Ատրպէյճան չ՚ըսեր, որ ինք կը խախտէ հրադադարը։ Իրենք միշտ կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, թէ սադրանք մը եղած է եւ այլն։ Բնականաբար, այդ անհիմն տեղեկութիւնները հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը հերքենք, բայց միւս կողմէ ալ կ՚ըսենք, որ քանի սա շարունակուող իրավիճակ մըն է, ապա ճիշդ կ՚ըլլայ՝ միջազգային հանրութիւնը ունենայ դիտորդական առաքելութիւն, որպէսզի տեղւոյն վրայ գնահատէ իրավիճակը», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ երաշխաւորուած անվտանգութիւն կրնայ ապահովել միայն խաղաղութիւնը։ «Քանի տակաւին մենք չունինք համապարփակ խաղաղութիւն, մենք չենք կրնար խօսիլ համապարփակ խաղաղութեան մասին։ Մեր բոլոր ջանքերը, նոյնիսկ ամենասուր իրավիճակներու մէջ, ուղղուած են խաղաղութեան։ Եթէ մենք կը կարծենք, թէ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը պիտի պաշտպանուի նաեւ մեր բանակի ջանքերով ու դիւանագիտական միջոցներով, այդ գործողութեան ալ հեռահար նպատակը նոյնպէս խաղաղութիւնն է», ըսաւ Փաշինեան։ Յամենայնդէպս, երկրի ղեկավարութիւնը աշխոյժ աշխատանք կը տանի Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ բոլոր ուղղութիւններով։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ այս պահու դրութեամբ Ռուսաստան, Եւրոմիութիւնը կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պատրաստ են ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը ու պատրաստ չեն նաեւ Արցախը ճանչնալ որպէս Հայաստանի մաս։ «Մենք պէտք է այս փաստին հետ առերեսուինք», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ վերոյիշեալ կողմերուն մէջ եղած է յայտարարութիւն, ըստ որու միջազգային առումով Արցախը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ։ «Եւ այդ յայտարարութիւնները հրապարակային են, միթէ սա նորութի՞ւն է», ըսաւ ան։

Տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նիւթին կապակցութեամբ ալ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստած է համապատասխան նախագիծ մը, սակայն Ատրպէյճան հրաժարեցաւ այդ մէկը ստորագրելէ, իսկ խաղաղութեան պայմանագրի մասով որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի։ «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ՝ փորձելով գտնել մեզի համար ընդունելի այնպիսի թեքստեր, որոնք ընդունելի կ՚ըլլան նաեւ դիմացինին համար», ընդգծեց Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Իրանի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան չհերքեց լրատուամիջոցներու հրապարակումները, ըստ որոնց Հայաստան կը պատրաստուի Հնդկաստանէն զէնք ներածելու։

Անդրադառնալով երկրի ներքին քաղաքական վերջին խմորումներուն եւ խօսակցութիւններուն՝ Փաշինեան նշեց, որ բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններուն մասին տեղեակ է բաւական լայն շրջանակ մը։ Ան նշեց, որ Հայաստանի նախկին նախագահները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան մերժած են բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններուն իրազեկ դառնալու հնարաւորութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022