ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Նիւ Եոր­քի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան շարք մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւաք­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն նաեւ ար­ծար­ծե­լու հա­մար շարք մը հրա­տապ խնդիր­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Սփիւռ­քի կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Ե­րէկ, Նիւ Եոր­քի մէջ սկսաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վը՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ Մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 4-ը պի­տի շա­րու­նա­կուի այս նստաշր­ջա­նը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցի նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նին ըն­դա­ռաջ՝ ան­ցեալ Կի­րա­կի Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան 17-րդ տա­րե­դար­ձը։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քին հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Նիւ Եոր­քի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 89-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին եւ հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րով։

Բաց աս­տի, Նիւ Եոր­քի մէջ, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ սկսաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյց­նե­րու եւ ՀԲԸՄ-ի միա­ցեալ ժո­ղո­վը։ Հարկ է  նշել, որ այս հա­ւա­քին կը մաս­նակ­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րու դի­ւան­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի։

Միա­ցեալ այս ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած է «Ե­կե­ղե­ցին տա­նիլ դէ­պի ժո­ղո­վուր­դը, հաս­նիլ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան» կար­գա­խօ­սով։ Այս շրջագ­ծով կը քննար­կուին Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ հաս­տա­տուած հա­յու­թեան կեան­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ զա­նա­զան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան, ե­կե­ղե­ցի-ե­րի­տա­սար­դու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քին այս նիւ­թե­րուն շուրջ կը ներ­կա­յա­ցուին զե­կոյց­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, նաեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ քննար­կում­ներ։

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Պերճ Սեդրակեանին շնորհեց «Ասպետ Ս. Էջմիածնի» տիտղոսն ու Հայրապետական շքանշանը՝ ազգին մա-տուցուած ծառայութիւններուն եւ Մայր Աթոռի պայ­ծառութեան բերած աւանդին համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016