ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Պատուարժան Խմբագրապետ՝ պրն. Արա Գօչունեան
Եւ աշխատակազմ
ԺԱՄԱՆԱԿ Օրաթերթի
Պոլիս, Թուրքիա

Սիրելի բարեկամներ եւ գործակիցներ,

Ուրախութեամբ իմացայ, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 114 տարին։ Այս երկար տարիներու ընթացքին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ձայնը՝ եթէ մէկ կողմէ պոլսահայութեան-թրքահայութեան՝ բայց նոյնքան նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ իրականութիւններէն ներս։ ԺԱՄԱՆԱԿ այս երկար տարիներու ընթացքին կերտեց Աւանդ՝ ուր կրցաւ հայուն ազգային-մշակութային եւ լեզուական ժառանգի մէկ լաւ խօսնակը եւ պահապանը ըլլալ։

Այս բոլորը սակայն դիւրին չէր եւ ինչ խօսք՝ դիւրին ալ չեղաւ։ Եթէ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը հասնի իր 114 տարիներու պատուանդանին՝ այդ մէկը արդիւնք էր մեծ նուիրումի եւ զոհողութիւններու։ Նուիրումը՝ թէ հայուն պատմութիւնը պէտք է պահուի եւ շարունակուի։ Եւ զոհողութիւնը նուիրեալներու այն խմբակին՝ իր առաջին օրերու հիմնադիրներուն եւ անոնց տեսիլքին ու տեսլականին՝ բայց նոյնքան նաեւ ներկայի ձեր անձնակազմին։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր խնբագրական յօդուածին մէջ այս առթիւ՝ արդէն տուաւ ազդանշանը, թէ ինչ մեծ նուիրումներով եւ զոհողութիւններով է, որ թերթը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Ներկայ օրերու համաշխարհային ընկերատնտեսական տագնապները՝ մինչեւ ներազգային տարբեր մարտահրաւէրները՝ հայուն կեանքն ալ՝ ներառեալ մամուլը՝ նոյնքան կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։ Բայց այս դժուարութիւնները պիտի չուզէինք տեսնել, թէ հայ մամուլը ընդհանրապէս եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այս պարագային մասնաւորապէս՝ յուսահատութեան մատնէ։ Կը հաւատանք հայ մամուլի ընդձեռնած նուիրական առաքելութեանը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ու անոր համար պիտի մաղթէինք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նոր աւիշով եւ կորովով շարունակէր իր առաքելութիւնը ի սպաս հայ մամուլին։ Եւ անպայմանօրէն կերտէ նոր ու նորանոր ամեակներ։

Եթէ պիտի շնորհաւորենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 114-ամեակը՝ նոյնքան նաեւ պիտի մաղթենք ուժ, կորով եւ նորանոր վերելքներ։ Շնորհակալութիւն ձեր նուիրական աշխատանքին համար։ Կը հաւատանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մեր հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ յատկապէս՝ մամուլի ոլորտին մէջ ունի իր կարեւոր առաքելութիւնը։ Եւ որ պէտք է շարունակուի։ Եւ այս առաքելութեան ճամբուն մէջ, արդիւնաւէտ նոր ամեակներ։

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր Քարտուղար՝
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան

Հոկտեմբեր 30, 2021

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021