ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւ եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի յունուարի 11-ի եւ նոյեմբերի 26-ի եռակողմանի յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը։

Վերահաստատեցինք վերոնշեալ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները խստօրէն պահպանելու յանձնառութիւնը՝ ելնելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ապահովման շահերէն։ Համաձայնեցանք յաւելեալ ջանքեր գործադրել մնացեալ՝ ներառեալ մարդասիրական խնդիրներու հրատապ լուծման ուղղութեամբ։

Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիէն ներս անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման ուղղեալ անոր ջանքերուն պահանջը։

Պայմանաւորուեցանք զերծ մնալ ուժի կիրառումէն կամ անոր կիրառման սպառնալիքէն, քննարկել ու լուծել խնդրայարոյց բոլոր հարցերը բացառապէս ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրին։

Ընդգծեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման աշխոյժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու նպատակով։ Առկայ աշխատանքային տարբերակներու հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակել փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնումը։ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը այդ բանին պիտի ցուցաբերէ հնարաւոր օժանդակութիւնը։

Շեշտեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ Ռուսաստանի օժանդակութեամբ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութեան շարունակման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման միտուած եռակողմանի միջխորհրդարանական շփումներու մեկնարկի համար։

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարները ողջունեցին Ռուսաստանի Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ այսուհետեւ եւս ամէն ձեւով նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2022