ՍԻՊԻԼ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԷՅՐՈՒԹ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ տարեվերջին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ։ Ան այս ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ՝ Համազգայինի Լիբանանի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ։ Սիպիլ Պէյրութի մէջ հանդէս պիտի գայ բարեսիրական համերգով մը, որ նախատեսուած է Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին ի նպաստ։ Սիպիլի հետ կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ «Քնար» պարախումբը, «Գայիանէ» պարի դպրոցի, «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի խումբերը։

26 դեկտեմբեր 2021 թուականին, կիրակի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր-Մելքոնեան» թատերասրահի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ Սիպիլի համերգը, որու համար տոմսերու վաճառքը արդէն սկսած է։

Պէյրութի այս համերգին ընդառաջ Սիպիլ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած է ջերմ գրառումով մը։ Ան յիշեցուցած է, որ շուրջ հինգ տարի վերջ վերստին Լիբանան պիտի այցելէ, ուր համերգ ունենալու հնարաւորութիւնը մեծ երջանկութիւն եւ պատիւ պիտի ըլլայ իրեն տեսակէտէ։ «Եկէք ըլլանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի», կոչ ուղղած է համակրելի մեներգչուհին ընկերային ցանցերու վրայ՝ լիբանանահայ երաժշտասէրներուն։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021