ԼՈՑԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Լեհաստանի Լոց քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփաւսքիի հետ։ Ծանօթ է, որ Միրզոյեան Լոցի մէջ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, որու ծիրէն ներս կ՚ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան եւ Լիփաւսքի քննարկեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան վերաբերեալ։ Միրզոյեան բարձր գնահատեց ԵՄ-ի առաքելութեան գործունէութեան դերակատարութիւնը կայունութեան ապահովման համատեսքին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու այս՝ 29-րդ ժողովին կը մասնակցին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որոնք եւս երէկ հանդիպում մը ունեցան Լոցի մէջ՝ քննարկելով երկկողմանի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան օրակարգային հարցեր։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքէն վերջ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին, դեկտեմբերի 5-ին, Ճէյհուն Պայրամով պիտի ուղեւորուի Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
Դիւանագիտական այս շփումներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը միշտ կը մնայ լարուած։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները դարձեալ թիրախաւորած են երկրի պաշտպանութեան դիրքերը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՅՈՒՆԱՆԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան երէկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման նպատակով թեքնիք հարցերու քննարկումները պիտի շարունակուին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու շուրջ քննարկումները կը շարունակուին։