ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ

Ատրպէյճանի մէջ այս տարի տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ։ Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, 17 Հոկտեմբերին նախատեսուած է քուէարկութիւնը։ Ըստ Ատրպէյճանի ընտրական օրէնսգրքին, ընտրութիւններու օր կը համարուի նախագահի լիազօրութիւններու վերջին տարուան Հոկտեմբերի երրորդ շաբթուան Չորեքշաբթի օրը։

Նախագահական ընտրութիւններու օրը Ատրպէյճանի մէջ կը համարուի ոչ-աշխատանքային։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018