ՍՈՒ­ՐԻԱ­ՀԱՅ ԵՒ Ի­ՐԱ­ՔԱ­ՀԱՅ ԳԱՂ­ԹԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՐ­ՑԵ­ՐԸ ՄԻՇՏ Ա­ՌԱՐ­ԿԱՅ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ Ա­ԹՈ­ՌԻ ՈՒ­ՇԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ

Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ գաղթականներու դիմագրաւած խնդիրներուն։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը վերջին տարիներուն միշտ անմիջական ուշադրութեան տակ կը պահէ այն սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականները, որոնք տարածքաշրջանի արիւնալի իրադարձութիւններէն խոյս տալով՝ ապաստան գտած են Թուրքիոյ մէջ։ Շուրջ հազար հայ այս պահու դրութեամբ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ կը գտնուի գաղթականի կամ փախստականի կարգավիճակով։ Սկզբնական շրջանին անոնց կեցութիւնը կը համարուէր ժամանակաւոր, որովհետեւ անոնք հերթի կը սպասէին՝ որպէս գաղթական ընդունուելու համար այլ զանազան երկիրներ։ Սկիզբին, Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ անոնց կեցութիւնը ժամանակաւոր էր՝ մինչեւ նոր՝ հիւրընկալ երկրի մը կողմէ ընդունուիլը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեցուց, որ առաջին իսկ օրէն սկսեալ, Պատրիարքարանի գլխաւորութեամբ, մեր համայնքը ի գործ դրած է իր կարելին՝ աջակցելու համար սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթական ընտանիքներուն։ Աթոռը կազմած է մասնաւոր յանձնախումբ մը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ամէն ամիս կանոնաւոր նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերած է անոնց նկատմամբ՝ հասնելով նաեւ առողջապահական կարիքներուն։ Պատրիարքարանը տարին քանի մը անգամ յանձնախումբ կը գործուղէ՝ տեղւոյն վրայ ճշդելու համար գաղթականներու կարիքները։

«Մեր համայնքին կողմէ մինչեւ հիմա կատարուածը չի գոհացներ գաղթականները։ Աւելի՛ն, այժմ նոր կացութիւն մը ստեղծուած է, որովհետեւ անոնք այլեւս ժամանակաւոր ձեւով այստեղ չեն, այստեղ մնացած են։ Արդարեւ, Գանատա եւ այլ երկիրներ որոշած են նոր գաղթականներ չընդունիլ եւ իրաքահայ ու սուրիահայ գաղթականները մնացած են այստեղ։ Յառաջիկային կը նախատեսենք ժողով մը կազմակերպել Պատրիարքարանի մէջ եւ կազմել նոր յանձնախումբ մը, որպէսզի հետամուտ ըլլայ գաղթականաց հարցերու լուծման», ըսաւ ընդհանուր փոխանորդը։

Նորին սրբազնութիւնը աւելցուց նաեւ, որ Հայայստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աւագ Եպիսկոպոս Ասատուրեանն ալ նամակ մը ուղարկած է Պատրիարքարան՝ խնդրելով, որ օգնութիւն ցուցաբերուի գաղթականներուն նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019