ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Ծանօթ է մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.

Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ  ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի.

11 յունուար 2020, շաբաթ, ժամը՝ 16.00-ին, կը կատարուի երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ յետոյ Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը իր Ուխտը կատարելէ եւ Պատրիարքական մականը ստանձնելէ յետոյ պաշտօնապէս կը բարձրանայ Պատրիարքական Աթոռ։

12 յունուար 2020, կիրակի,  Է. օր Ծննդեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը կը մատուցանէ Պատրիարքական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Սկիզբ Ժամերգութեան՝ 8.30, Ս. Պատարագ՝ 10.00։

Տաճարի տարողութեան ու սահմանափակ տեղ գտնուելուն պատճառաւ, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի մէջ արարողութիւնը պիտի տեսասփռուի նոյնութեամբ։

Մերազն ժողովուրդի անդամները սիրով կը հրաւիրուին մեր Հոգեւոր Պետին Գահակալութեան պատմական հանդիսութեանց եւ աղօթակցելու վասն անսասանութեան Սրբոյ Աթոռոյս եւ կենաց՝ Նորին Ամենապատուութեան։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ 

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020