ՏՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նա­հայ օգ­նու­թեան խա­չի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ «Ա. Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի նա­խազ­գու­շա­կան բա­ժան­մուն­քին, կեդ­րո­նի «Թնճու­կեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մի­զա­յին հա­մա­կար­գի հի­ւան­դու­թիւն­ներ» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն, զոր ներ­կա­յա­ցուց ընդ­հա­նուր մար­մի­նի բժիշկ Տքթ. Է­լի Թաշ­ճեան:

Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Տքթ. Սի­րուն Վար­դա­պե­տեան, որ նշեց, թէ մեր մար­մի­նը կազ­մուած է զա­նա­զան օր­կան­նե­րէ, ո­րոնք հա­ւա­քուե­լով՝ կը կազ­մեն մեր մար­մի­նի տար­բեր հա­մա­կար­գե­րը, ինչ­պէս՝ ա­րեան, մար­սո­ղա­կան, ջղա­յին, նաեւ՝ մի­զա­յին: Մի­զա­յին հա­մա­կար­գը կա­րե­ւոր բա­ժին մը կը գրա­ւէ մար­մի­նի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գե­րու աշ­խա­տան­քին ու ա­նոնց ներ­դաշ­նակ­ման մէջ:

Տքթ. Է­լի Թաշ­ճեան դա­սա­խօ­սու­թեան սկսաւ՝ նշե­լով, որ մի­զա­յին հա­մա­կար­գին ա­ռըն­չուած են շարք մը հի­ւան­դու­թիւն­ներ, իսկ ինք պի­տի ներ­կա­յաց­նէ յա­ճախ պա­տա­հող­նե­րը: Մի­զա­յին հա­մա­կար­գի հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ան­հա­տի մար­մի­նէն դուրս հա­նել զա­նա­զան երկ­րոր­դա­կան նկա­տուող, ոչ կա­րե­ւոր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը:  Մի­զա­յին հա­մա­կար­գը գլխա­ւո­րա­բար ու­նի ե­րեք բա­ժին­ներ՝ ե­րի­կամ­ներ, մի­զա­ծո­րան­ներ ու մի­զա­ման: Ա­մէն մէկ բա­ժին ու­նի հա­մա­կար­գող պար­տա­կա­նու­թիւն, յատ­կա­պէս մի­զա­մա­նը կ՚ամ­բա­րէ մէ­զը, ու երբ բա­ւա­րար լե­ցուի, կը պար­պէ:

Ա­մե­նէն յա­ճա­խա­կի պա­տա­հող հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն կա­րել է նշել մի­զա­յին հա­մա­կար­գի բոր­բո­քու­մը: Այս պա­րա­գա­յին մէ­զը չի բոր­բո­քիր, մի­զա­յին հա­մա­կար­գի ո­րե­ւէ մէկ բա­ժին կրնայ բոր­բո­քիլ, իսկ ա­նոր ախ­տան­շան­ներն են՝ յա­ճա­խա­մի­զու­թիւ­նը, այ­րուած­քը եւ մի­զե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը կամ դժուա­րու­թիւ­նը:

Տքթ. Է­լի Թաշ­ճեան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց այն մա­սին, երբ ոչ մաս­նա­գի­տա­կան ու բժշկա­կան թե­լադ­րու­թեամբ, նման բոր­բո­քու­մի պա­րա­գա­յին, ան­թի­պիո­թիք­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը յա­ճախ կը յա­ռա­ջաց­նէ դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւն՝ ան­թի­պիո­թիք­նե­րու դէմ, ո­րոնք բար­դաց­նե­լով վի­ճա­կը՝ կը դժուա­րաց­նեն բժիշ­կին մի­ջամ­տու­թիւ­նը: Այս բա­ժի­նին մէջ դա­սա­խօ­սը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ե­րի­կամ­նե­րու բոր­բո­քու­մին, որ յա­րա­բե­րա­բար քիչ պա­տա­հող, բայց իբ­րեւ հի­ւան­դու­թիւն՝ ա­ւե­լի բարդ վի­ճակ ստեղ­ծող ե­րե­ւոյթ է: Գլխա­ւոր ախ­տան­շա­նը ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցումն է, իսկ երբ վի­ճա­կը ա­ւե­լի զար­գա­նայ, կրնայ բոր­բո­քու­մը տա­րա­ծուիլ՝ հաս­նե­լով ա­րեան հա­մա­կարգ:

Տքթ. Թաշ­ճեան բա­ցատ­րեց, որ ե­րի­կամ­նե­րու բոր­բոք­ման ախ­տան­շան­ներն են՝ ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցում, սուր ցա­ւեր, ինչ­պէս նաեւ՝ բո­լոր այն ախ­տան­շան­նե­րը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս մի­զա­յին բոր­բո­քում­նե­րու ըն­թաց­քին կը պա­տա­հին, նաեւ՝ ա­րիւ­նա­մի­զու­թիւ­նը:

Մի­զա­յին հա­մա­կար­գի բոր­բո­քում­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր է յի­շել այ­րե­րու մօտ, տե­ղի ու­նե­ցող շա­գա­նա­կա­գեղ­ձի բոր­բո­քու­մը, որ կը դրսե­ւո­րուի վե­րոն­շեալ ախ­տան­շան­նե­րով:

Շա­րու­նա­կե­լով՝ Տքթ. Է­լի Թաշ­ճեան խօ­սե­ցաւ նաեւ մի­զա­յին ու­ղի­նե­րու մէջ ա­ւա­զի կու­տակ­ման, խի­ճե­րու գո­յաց­ման մա­սին: Խի­ճե­րը ե­րի­կամ­նե­րու մէջ կը յա­ռա­ջա­նան զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով եւ հոն մնա­լով՝ կրնան ա­ճիլ ու մեծ­նալ այն­քան, որ պատ­ճառ դառ­նան ե­րի­կամ­նե­րու աշ­խա­տան­քի կա­սեց­ման, բայց կայ նաեւ այն, որ փոքր ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին ալ խի­ճե­րը կրնան շատ­նալ ու հաս­նիլ մին­չեւ մի­զու­ղի­նե­րը, մի­զա­մա­նը:

Ախ­տան­շան­նե­րը. Յա­ճախ սուր ցա­ւեր, մի­զե­լու դժուա­րու­թիւն եւ ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն:

Բժիշ­կը ը­սաւ, որ մի­զու­ղա­յին խի­ճե­րը յա­ճախ, երբ փոքր են, կրնան մէ­զին հետ դուրս գալ, բայց բա­ւա­կան մեծ ե­ղած պա­րա­գա­յին յա­տուկ մի­ջոց­նե­րով պէտք է չէ­զո­քաց­նել զա­նոնք:

Դա­սա­խօ­սը նաեւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ խօ­սե­ցաւ մի­զա­յին անզս­պուա­ծու­թեան մա­սին: Պատ­ճառ­նե­րը՝ ու­տե­լիք­ներն ու խմիչ­քը, դե­ղա­մի­ջոց­նե­րը եւ զա­նա­զան մի­զա­յին հա­մա­կար­գի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը:

Այս բա­ժի­նով Տքթ. Թաշ­ճեան նշեց նաեւ մի­զա­յին հա­մա­կար­գի ու­ռուցք­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ո­րե­ւէ տեղ կրնան գո­յա­նալ: Այ­րե­րու պա­րա­գա­յին յա­ճախ շա­գա­նա­կա­գեղ­ձի քաղց­կեղն է, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ մի­զա­մա­նի քաղց­կե­ղը:

Ա­ւար­տին դա­սա­խօ­սը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017