ԲԱԺՆԵԼ ԱՐԴԱՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հերթական անգամ արտայայտուեցաւ այն ժողովին մասին, որ կը նախատեսէ կազմակերպել համայնքային վարիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը միջոցէ մը ի վեր կը խօսի այս մասին առանց ժամկէտ նշելու։ Ան երէկ ալ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ խօսած քարոզին ժամանակ անդրադարձաւ նոյն նիւթին։ Նորին Ամենապատուութիւնը թէեւ դարձեալ յստակ ժամկէտ մը չտուաւ, սակայն իր հետեւողական արտայայտութիւններէն կարելի է հետեւցնել, որ ան հետզհետէ կը հասունցնէ այդ գաղափարը։

Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուածէն, մեզի տրուածէն անպայման պէտք է բաժին դուրս բերենք ուրիշներու համար։ «Եթէ մեր ունեցածը բաժնենք, ապա աշխարհ կը վերածուի դրախտի, իսկ եթէ չբաժնենք, ապա աշխարհ կը վերածուի դժոխքի», ըսաւ ան եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց ընկերային զօրակցութեան գնահատելի երեւոյթներու վրայ՝ թուարկելով օրինակներ, սկսելով մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններէն, մինչեւ երիտասարդներու համար յատկացուած կրթաթոշակները եւ կամ Կարմիր խաչը։ Իր պատգամին տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յստակ խորհրդածութիւններ ըրաւ մեր համայնքային կեանքին մասին։ Ան յայտնեց, որ մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները պէտք է բաժնեն իրենց տնօրինման յանձնուած միջոցները։ «Այդ միջոցները մեզի յոյս կը ներշնչեն, պէտք է անպայման բաժնուին, որովհետեւ մեզի չեն պատկանիր», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Բաց աստի, ան յորդորեց, որ եղբայրներ պէտք է մտածեն իրարու մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը օր մը յանկարծ կրնայ յայտնուիլ կարիքաւոր վիճակի մը մէջ։

Իր խօսքերուն տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ տասն տարիէ ի վեր մեր համայնքը չի կրնար ձեւ մը գտնել արդար ձեւով բաժնելու համար իր միջոցները, իր հասարակաց հարստութիւնը եւ սա թրքահայ հաւաքական կեանքի ամենամեծ խնդիրն է։ Այս դիտարկման լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային համայնքային վարիչները պիտի հրաւիրէ ժողովի մը։ «Զանոնք պիտի կանչեմ ու պիտի յորդորեմ, որ բաժնեն այն ինչ, որ իրենց չի պատկանիր։ Ձեր կարծիքով՝ պիտի բաժնե՞ն։ Այո՛, պիտի բաժնեն։ Այլապէս, այն ինչ որ կայ՝ պիտի փտի ու պիտի գողցուի», եզրափակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020