ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿՕՇԻԿՆԵՐ

«Nike» ստեղծած է նոր մարզակօշիկներ, որոնք կարելի է հագնիլ վայրկեաններու ընթացքին՝ առանց ձեռքերը օգտագործելու։ Այսպէս, աշխարհահռչակ «Nike» ընկերութիւնը յարմարաւէտութիւնը գնահատող իր յաճախորդներու համար ստեղծած է նոր մարզանքի կօշիկներ, որոնք «հեշտ է հագնիլ եւ նոյնքան հեշտ է հանել», կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն»։

«Go Flyease»ը «Nike»ի առաջին մարզանքի կօշիկն է, որ կարելի է հագնիլ հեշտութեամբ՝ առանց ձեռքերու օգնութեան:

«Go Flyease»ը ունի շարք մը առանձնայատկութիւններ. ինչպէս՝ առաձգական ժապաւէնը, որ կը փոխարինէ կօշիկի քուղերը: Ոտքը կօշիկի մէջ դնելով՝ ժապաւէնը կ՚ամրանայ՝ ապահովելով կրողի յարմարաւէտութիւնը։

Մարզակօշիկները 120 տոլարով վաճառքի կը հանուին փետրուարի 15-ին՝ «Nike»ի կայքին մէջ, իսկ հրապարակի վրայ կը յայտնուին այս տարուան վերջաւորութեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021