Ե՞ՐԲ ԿԱՐԳԻ ԲԵՐԵԼ ԱՆԿՈՂԻՆԸ

Առաւօտուն մարդիկ երբ արթննան՝ կը կատարեն որոշ գործողութիւններ, որոնց մեծ մասը արդէն սովորութիւն դարձած են եւ ինքնաբերաբար կը կատարուին, սակայն այդ բնական թուացող սովորութիւններէն մէկը կրնայ  շատ վտանգաւոր ըլլալ ու յանգեցնել լուրջ խնդիրներու։ Խօսքը առաւօտեան արթննալուն պէս անմիջապէս անկողինը կարգի բերելու սովորութեան մասին է, որ շատեր կը համարեն օգտակար։ Ինչպէս կը գրէ «Freundin» պարբերականը, գերմանացի բժիշկները կը նախազգուշացնեն, որ անմիջապէս երբ արթննանք՝ անկողինը կարգի բերելը կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ։ Իրականին, անկողինը, որուն մէջ վայրկեաններ առաջ մարդը դեռ քնացած էր, դեռ որոշ ժամանակ կը պահպանէ ջերմութիւնն ու խոնաւութիւնը, ուստի այն անմիջապէս ծածկոցով ծածկելը ախտածին մանրէներու համար կը ստեղծէ բարենպաստ պայմաններ։

Մասնագէտներու խօսքով՝ առաւօտեան մարդիկ շատ գործողութիւններ կ՚ընեն «սովորական դարձած»։ Անոնք կ՚արթննան, անկողինը կը գոցեն, կը լուացուին եւ կ՚անցնին առօրեայ գործերուն, սակայն առողջական խնդիրներէն խուսափելու համար այդ գործողութիւններու հերթականութիւնը հարկաւոր է փոխել։ Առաջին հերթին հարկաւոր է արթննալէ ետք օդափոխել ննջասենեակը, այնուհետեւ ընել առաւօտեան միւս գործերը եւ միայն վերջնապէս կարգի բերել անկողինը։ Իբր այդ՝ այս հերթականութեան հետեւիլը յատկապէս կարեւոր է այն մարդոց համար, որոնց մօտ յաճախ դիւրազգացութիւններ կը տեսնուին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021