ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐ

Ռուսաստան, Չինաստան եւ Իրան ներկայ ամսուայ կէսերուն կը պատրաստուին համատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններ իրականացնել Հնդկական ովկիանոսի հիւսիսային մասին մէջ։ «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անուան ներքեւ տեղի կ՚ունենան այս զօրավարժութիւնները, որոնց ընթացքին կը ծրագրուի համագործակցութիւն մշակել որոնողափրկարարական գործողութիւններու, նաւագնացութեան անվտանգութեան ապահովման միջոցառումներու իրականացման ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Փենթակոնի աղբիւրներն ալ արձագանգեցին այս մօտալուտ ռազմափորձերուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քիպպի յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ այս մէկը չի դիտարկուիր որպէս խոչընդոտ։ «Ռազմածովային ուժերու հնարաւորութիւններու կատարելագործումը սպասելի էր։ Չեմ կարծեր, թէ այս զօրավարժութիւնները կը խոչընդոտեն նաւարկութեան ազատութիւնը պաշտպանելու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն աջակցելու մեր ընդունակութիւնը», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021