ԹԵՀՐԱՆ ՄԻՇՏ ՄՏԱՀՈԳ

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղտեր Ղալիպաֆ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Մոսկուայի ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, ըստ իրեն, տարածքաշրջանէն ներս սպառնալիքները տակաւին կը մնան առկայ։

«Այս հակամարտութեան շարունակութիւնը կրնար անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր յառաջացնել Իրանի հիւսիսային սահմաններուն վրայ։ Մենք գոհ ենք, որ Ռուսաստան ջանքեր գործադրած է, որպէսզի հնարաւորինս շուտ վերջ դնէ այդ պատերազմին։ Սակայն, կը կարծեմ, թէ այս տարածքաշրջանէն ներս կան քնացած սպառնալիքներ։ Նկատի ունիմ, որ անհրաժեշտ է արգիլել ահաբեկչական ուժերու ներկայութիւնը տարածքաշրջանէն ներս», ըսաւ Ղալիպաֆ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021