ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան բժիշկներու թոյլտուութեան պարագային այս շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով դարմանման տակ կը գտնուի Լոնտոնի մէջ, ուր մեկնած էր տարեմուտին։ Արմէն Սարգսեան այս ամբողջ ընթացքին մասնագէտներու հսկողութեան տակ է եւ կ՚աշխատի հեռավար դրութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահը բժիշկներու համապատասխան թոյլտուութեան պարագային այս շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ Երեւան։ Ըստ երեւոյթին, իր բուժումը որոշ մակարդակի մը հասած է, որ արդէն տեղեկութիւններ կը տարածուին անոր հաւանական վերադարձին շուրջ։

Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ վերադառնալու պարագային նախագահի բուժումը պիտի շարունակուի նաեւ Երեւանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021