ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ Թէեւ տակաւին վերջնական թուական մը չէ հրապարակուած, սակայն վրացական դիւանագիտական աղբիւրները արդէն տեղեկացուցած են այս մօտալուտ այցելութեան մասին։

Նոյն աղբիւրները զուգահեռաբար Անգարա-Թիֆլիզ  յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ հանդէս կու գան արժեւորումներով։ Այսպէս, վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին կողմերու յարաբերութիւնները եղած են շատ խտացեալ։ «Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան եւ այժմ մենք բոլորովին նոր մակարդակի մը կը հասնինք։ Թուրքիան մեր ռազմավարական գործընկերն է, բարեկամն ու հարեւանը», նշած է Անգարայի մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկաւա։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն Անգարայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Վրաստան բարձր մակարդակի Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը, որ Զալքալիանիի կողմէ տրուելիք այցելութեան շարժառիթը պիտի հանդիսանայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021