Կիրակի 12, Յունուար 2025
ՊԵՏԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան յայտարարեց, որ հայկական արտադրութեան հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը արդէն կ՚անցնին պետական փորձարկումներէ, որոնց յաջող աւարտէն վերջ պիտի սկսի անոնց արտադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Յակոբ Արշակեանի մականին ներքեւ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Ռազմաարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէն։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Յակոբ Արշակեան նշեց, որ հայկական արտադրութեան հետազօտական անօդաչու թռչող սարքերը արդէն իսկ փորձարկումներէ անցած են եւ արտադրական հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին։ Իսկ հարուածային բնոյթով անօդաչուներու պարագային պետական մակարդակով փորձարկումները տակաւին կը շարունակուին։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021