ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտնեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։

Վատիկանի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ աշխարհի զանազան անկիւններէն ներս առկայ անկայունութեան օճախներուն եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանին վրայ։ «Յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւիմ իրադրութեան Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր կը շարունակուին շարք մը հակամարտութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը բռնկեցան նախորդ տարի՝ խախտելով ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ ան։

Սրբազան Պապը յոյս յայտնեց, թէ 2021 թուականին ի վերջոյ հակամարտութիւնը կ՚աւարտի Սուրիոյ մէջ, ուղիղ երկխօսութիւնը կը վերականգնուի Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ, նաեւ կը վերականգնուին Լիբանանի կայունութիւնը եւ Լիպիոյ խաղաղութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021