ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Քիմ Քարտաշեան «KKW Beauty» ապրանքանիշի նոր հաւաքածոյէն լուսանկարներներ հրապարակած է։ Այսպէս, «Keeping Up With the Kardashians» շոուի հայազգի աստղ Քիմ Քարտաշեան «Instagram»ի էջին վրայ իրեն պատկանող «KKW Beauty» ապրանքանիշէն նոր լուսանկարներ հրապարակած է, կը յայտնէ բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը:

Կարգ մը լուսանկարներու մէջ 40-ամեայ աստղը ներկայացած է լողազգեստներով եւ գլխուն կրած է հսկայական ծաղկային գլխազարդ, իսկ միւս նկարներու մէջ Քարտաշեան ներկայացած է արձակուած վարսերով: Լուսանկարներուն կից Քիմ Քարտաշեան աւելցուցած է, որ նոր «Matte Mauve & Matte Honey Collection»ը ստեղծելու ժամանակ ոգեշնչուած է նախորդ հաւաքածոյէն:

Պարբերականը նշած է, որ Քարտաշեան, չնայած ամուսնալուծութեան մասին լուրերուն, կը շարունակէ կեդրոնացած աշխատիլ իր նախագիծերու վրայ։ Ան կը փորձէ ամուսնալուծութեան այնպիսի լուծում գտնել, որ լաւագոյնը կ՚ըլլայ ընտանիքի անդամներու համար: Ամուսնալուծութեան հարցով Քիմ Քարտաշեանի  փաստաբանական խումբը կը գլխաւորէ յայտնի փաստաբան Լորա Ուասսեր:

Մինչ այդ, Քիմ Քարտաշեանն ու ռեփըր Քանիէ Ուեսթ ամուսնացած են 2013 թուականին եւ ունին չորս երեխայ, սակայն անցեալ ամիս Քարտաշեան յայտարարած է ամուսնալուծութեան մասին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021