ՇՈՒՏՈՎ ԱՒԱՐՏԵԼ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց՝ նախօրէին Ատրպէյճանի կողմէ եւս 8 ռազմագերիի Հայաստան վերադարձուելուն։ Այսպէս, Մոսկուա կարեւոր կը համարէ հնարաւորինս շուտ աւարտել պահուած անձերու փոխանակումը՝ բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ իր երկիրը ամէն ինչ կ՚ընէ այս ուղղութեամբ։ «Մենք կ՚ողջունենք Ատրպէյճանի կողմէ 8 հայ զինուորի փոխանցումը հայկական կողմին եւ, ի հարկէ, կարեւոր է հնարաւորինս շուտ լուծել այդ վիճայարոյց հարցը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ, աւարտել պահուած անձերու փոխանակումը՝ բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով։ Կարեւոր կը համարենք զուգահեռաբար ջանքերու գործադրումը՝ ուղղուած կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու եւ պիտի աջակցինք այս բանին թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ եւ թէ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ իր կողմէ եւ պիտի ընէ՝ պահուած անձերու վերադարձման հարցին մէջ։ Այս հարցը առաջնահերթ է, մենք կը հասկնանք անոր էութիւնն ու առաջնահերթութիւնը», ըսաւ բանբերը։

Զախարովա խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ խնդիրներու մասին։ Ռուս դիւանագէտը դիտել տուաւ, որ այս խնդրին շուրջ եւս կանոնաւոր կապ կը պահեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Մենք կողմնակից ենք տարածաշրջանէ ներս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան շուտափոյթ սկսելուն», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուն։ Զախարովա յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման նիւթ պիտի դառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հանգամանքները։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022