ԹԱՒՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ ԵԼՈՅԹ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան եւ Ռուսաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ, այսօր ելոյթ կ՚ունենան Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մէջ: Համերգը նուիրուած է Մոսկուայի մայրաքաղաքի կարգավիճակի վերադարձման 100-ամեակին։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ինչպէս յայտնած է Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մամուլի ծառայութիւնը, այս երեկոյ Սվետլանովեան դահլիճին մէջ կը հնչեն ռուս յօրինողներու գործերը, որոնց կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սերտօրէն կապուած են Մոսկուայի հետ, Փիոթր Չայքովսքիի եւ Տիմիթրի Շոսթաքովիչի գործերը, այդ կարգին՝ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» նախերգանք-ֆանթազին եւ 9-րդ սիմֆոնին:

Ինչպէս ծանօթ է, տաղանդաւոր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը համագործակցի յառաջատար նուագախումբերու եւ խմբավարներու հետ, ելոյթ կ՚ունենայ աշխարհի խոշորագոյն դահլիճներու մէջ, իսկ միջազգային ճանաչում ձեռք բերած է 2011 թուականին Փիոթր Չայքովսքիի անուան 14-րդ Միջազգային մրցոյթին մէջ տարած յաղթանակէն յետոյ: Daily Telegraph թերթը անոր նուագը բնութագրած է որպէս «թեքնիկի եւ երաժշտականութեան զարմանալի զուգակցում», իսկ Washington Post-ը զայն ներկայացուցած է որպէս «հասուն ֆենոմէն»:

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018