«ԱՐԱՍ» ԿՈՂՔԻ ՄԸ ՏԱԿ ՀԱՒԱՔԵՑ ԶԱՀՐԱՏԻ՝ ՑԱՅՍՕՐ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմահ բանաստեղծ Զահրատի նոր մէկ գիրքը։ «Bambaşka Bir Bahar» կոչուած այս գիրքը կը պարփակէ Զահրատի ցայսօր թրքերէնի թարգմանուած բոլոր բանաստեղծութիւնները։ Թարգամանիչն է Յովհաննէս Շաշքալ։ 20-րդ դարու հայկական բանաստեղծութեան վրայ կարեւոր հետք թողած անուն մըն է Զահրատ, որու թողած ժառանգութիւնը միշտ կ՚արժեւորուի զանազան երեսակներով եւ գրասէրներուն կը մատուցուի զանազան ձեւաչափերու մէջ։

«Արաս»ի հրատարակած այս վերջին գիրքը կողքի մը տակ կը հաւաքէ Զահրատի այն բանաստեղծութիւնները, որոնք Յովհաննէս Շաշքալի կողմէ թարգմանուած են զանազան ժամանակներու մէջ եւ հրատարակուած՝ զանազան հրատարակչատուներու կողմէ։ Այդ բոլորը ցայսօր այլեւս դժուար թէ մատչելի կամ հասանելի ըլլան գրասէրներու համար։ Ուստի, «Արաս» զանոնք կողքի մը տակ ամփոփած է ու կը մատուցէ գրասէրներուն, ինչ որ մեծանուն բանաստեղծի ժառանգութեան ծանօթանալու առիթ կ՚ընձեռէ նաեւ այն գրասէրներուն, որոնք ցայսօր հաղորդ չեն դարձած անոր ստեղծագործութիւններուն։

440 էջէ բաղկացեալ այս գիրքը լայն պատկերացում մը կու տայ Զահրատի ստեղծագործութիւններուն մասին եւ կը համարուի իր յատկանշական գործերու կոթողային հաւաքածոյ մը, իսկական հատընտիր մը։ «Արաս»ի լոյս ընծայած այս ծաղկաքաղը գրասէրներուն առիթ կ՚ընձեռէ նաեւ հետեւելու Զահրատի՝ գրական արդիւնաւէտութեան ժամանակներու մէջ արձանագրած փոփոխութիւններուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020