ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ միօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսել, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, օրուան տեւողութեան Փաշինեան ընդունուեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին Փաշինեանի հետ էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել քննարկեցին Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Քննարկումներու առանցքին էր Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու լայն օրակարգը։ Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը՝ Շարլ Միշել դիտել տուաւ, որ իր այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ համագործակցութեան յետագայ քայլերը քննարկելու համար՝ ներառեալ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացումը։ Իր կարգին, Փաշինեան կարեւորեց ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի բարեփոխումներուն ի նպաստ աջակցութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ կողմերու գործակցութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ արդիւնաւէտ։ «Եւրոմիութիւնը մեր բարեփոխումներու իրականացման հիմնական գործընկերն է», ըսաւ Փաշինեան։

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին ա՛լ աւելի զարգացնել Երեւան-Պրիւքսել ապագայ համագործակցութիւնը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական կապերը։

Փաշինեան եւ Միշել կարծիքներ փոխանակեցին յառաջիկայ յունիսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած՝ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկներութեան գագաթաժողովի վերաբերեալ իրենց սպասումներուն շուրջ։

Փաշինեանի եւ Պորելի տեսակցութեան ընթացքին ալ կարեւորուեցաւ կողմերու յարաբերութիւններու թափով զարգացումը։ Քննարկուեցան Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումները եւ Պորել հաստատեց ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար անոնց իրականացման։

Որպէս Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչ՝ Փաշինեան եւ Պորել անհրաժեշտ համարեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի լիարժէք գործադրութիւնը, անդամ պետութիւններու կողմէ հնարաւորինս արագ վաւերացումով հանդերձ։ Անոնք խօսեցան նաեւ Հայաստան-ԵՄ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հնարաւորութիւններուն մասին։

Կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին շուրջ։ Պորել վերահաստատեց ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ։

Միւս կողմէ, Պրիւքսելի մէջ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020