ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոքը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ 14 տարուայ ընդհատումէ մը վերջ Իսրայէլէն նախագահի մակարդակի վրայ այցելութիւն մը տրուեցաւ Թուրքիա, ինչ որ պատմական բնոյթ վերագրեց երէկուան շփումներուն։ Էրտողան եւ Հերցոք գլուխ գլուխի զրուցեցին երկու ժամ։ Երէկուան իրադարձութիւնները արդէն եկան հաստատել, թէ նոր շրջան մը կը բացուի Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ։

Էրտողան եւ Հերցոք առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ալ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահ Էրտողան այս փուլին շեշտեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Իսրայէլի հետ զարգացնելու ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը։ Իր կարգին, Հերցոքն ալ յայտնեց, որ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները նեղ շրջանէ մը անցած են եւ ըսաւ. «Իսրայէլ եւ Թուրքիա ծաւալած են համագործակցութիւն մը, որ կարեւոր ազդեցութիւն գործած է տարածաշրջանին վրայ։ Անցեալի անհամաձայնութիւնները ինքնաբերաբար չեն վերանար, մենք կը նախընտրենք միասնաբար նայիլ դէպի ապագայ»։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան երէկ յստակօրէն յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի համատեղ նպատակն է քաղաքական երկխօսութիւնը վերակենդանացնել՝ հասարակաց շահերու եւ զգայնութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Հերցոքի պատմական այցը նոր անկիւնադարձ մը կը բնորոշէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Եէիցաք Հերցոքն ալ յայտնեց, որ իրենց նպատակն է Թուրքիա-Իսրայէլ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հիմքերը դնել։

Երէկուան շփումներուն ժամանակ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան ուղղեալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տրուած պատգամներուն զուգահեռ՝ հաղորդուեցաւ, որ յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ պիտի այցելեն Իսրայէլ։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022