ԻՇԻՊ-Ի ՍԱՍՏԻԿ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ

Ե­գիպ­տո­սէն շա­բա­թա­վեր­ջին հա­սան ա­հա­ւոր լու­րեր, ո­րոնք շատ լայն ար­ձա­գանգ գտան մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վրայ։ Թան­թա եւ Ա­ղեք­սանդ­րիա քա­ղաք­նե­րուն մէջ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­ներ դար­ձան ա­հա­բեկ­չու­թեան թի­րախ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման այս սաս­տիկ ա­րարք­նե­րուն զոհ գնաց 44 հո­գի։ 119 հո­գի  ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ մէջ ա­հա­բե­կի­չը թէեւ չկրցաւ մուտք գոր­ծել ե­կե­ղե­ցի, սա­կայն պայ­թե­ցուց իր վրայ կրած ռում­բե­րը։ Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Էլ Սի­սի այս դէպ­քէն վերջ ե­րեք ամ­սուան ժամ­կէ­տով ար­տա­կարգ դրու­թիւն հռչա­կեց երկ­րէն ներս։

Թան­թա­յի Մար­կիր­կիս եւ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Ս. Մար­կոս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մօտ տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թում­նե­րուն զու­գա­հեռ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ցա­ւակ­ցա­կան մը ու­ղար­կեց Ղպտի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ, Ա­ղեք­սանդ­րիոյ պապ եւ Հա­մայն Ափ­րի­կէի Պատ­րիարք Թա­ւատ­րոս Բ.-ին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յա­նուն Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան եւ հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց իր հո­գե­ւոր եղ­բօր։ «Այս ծանր պա­հուն մեր ա­ղօթք­նե­րով ու մտքով զո­հուած ըն­տա­նիք­նե­րուն ու ձե­զի հետ ենք», նշեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը՝ դա­տա­պար­տե­լով ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017