Կիրակի 12, Յունուար 2025
ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պատահեցաւ դէպքը։ Յետմիջօրէին, ժամը՝ 14.20-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ Նարեկ Յարութիւնեան (1998)։ Դէպքի մանրամասնութիւններու պարզաբանման համար ձեռնարկուեցաւ քննութեան։ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները բաժնելով կորստեան ծանր վիշտը՝ զօրակցութիւն յայտնեցին նահատակի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։ Նահատակ զինուորը յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018