ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Երէկ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աւանդական հանդիսաւոր արարողութիւններով նշուեցաւ Մայիսի 9-ի Յաղթանակի տօնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մայիսի 9-ին կը նշուի Բ. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան տարեդարձը։ Սա Հայաստանի մէջ կ՚անուանուի Հայրենական մեծ պատերազմի տարեդարձ, նկատի ունենալով, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն Խորհրդային Միութեան կազմի հանրապետութիւններու շարքին Հայաստան եղած է առաւելագոյն զոհեր տուած երկիրներու շարքին՝ իր բնակչութեան համեմատութեամբ։
Տասնամեակներ անց Մայիսի 9-ին զուգադիպած է նաեւ Արցախի գոյամարտին շրջագծով Շուշիի ազատագրումը հայոց կողմէ։ Ուստի, կրկնակ յաղթանակներու տարեդարձի վերածուած է Մայիսի 9-ը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ ամիս Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ապրուեցան լայնածաւալ գործողութիւններ եւ ամբողջ հայ աշխարհի ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացաւ Արցախի վրայ, այս տարուան Մայիսի 9-ի տօնակատարութիւններու մթնոլորտն ալ պայմանաւորուեցաւ ներկայ իրավիճակով։
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ երէկուան տօնակատարութիւնները կազմակերպուեցան ամենաբարձր մակարդակով, ժողովուրդի լայն ու խանդավառ մասնակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի մէջ «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մօտ մատուցին իրենց յարգանքի տուրքը նահատակներու յիշատակին համար։ Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ ալ անոնց հետ էին արարողութեան ընթացքին։ Իսկ Արցախի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցեցան տօնակատարութիւններուն։ Ստեփանակերտի Նահատակաց յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Բնականաբար, Յաղթանակի տարեդարձին առթիւ Շուշիի մէջ եւս տեղի ունեցան արարողութիւններ։