ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ ՓՈՄՓԷՈՅԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ վաղը հեռախօսազրոյց մը պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ պիտի զրուցեն յառաջիկայ ամիս Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուելիք ռուսական Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կ՚անհանգստանայ այս կապակցութեամբ եւ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ բերած է Անգարան Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու արտադրութեան ծրագրերէն դուրս բերուելու հարցը։ Ամերիկեան կողմը կը պնդէ, որ Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուելիք Ս-400 հրթիռները կրնան վնաս պատճառել ՆԱԹՕ-ի համակարգին։ Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիան ալ առաջ կը քշէ զանազան փաստեր, որոնք կը հերքեն այդ մտահոգութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին անգամ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ զրուցելու ժամանակ առաջարկած էր այս հարցին շուրջ աշխատանքային խումբ մը ստեղծել։

Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Փոմփէոյի հետ հեռաձայնի վրայ պիտի քննարկեն այս բոլոր խնդիրները։ «Եթէ ամերիկեան կողմը վստահ է իր պնդումներէն, ապա պէտք է համամիտ ըլլայ այդ աշխատանքային խումբի ստեղծման», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019