ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ը, որ Դիլիջանի մէջ համախմբեց աշխարհի լաւագոյն մտածողները։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս երկօրեայ գագաթը՝ հետեւելով Ֆրանսայի Շամոն քաղաքին մէջ կազմակերպուածի օրինակին։ Արդարեւ, «Մտքերու գագաթաժողով»ը պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Շամոն քաղաքի սահմաններէն դուրս եւ Հայաստան եղաւ այն առաջին երկիրը, որ Ֆրանսայէ դուրս հիւրընկալեց այս հեղինակաւոր միջազգային ձեռնարկը։

Գագաթաժողովի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նման ձեւաչափով հաւաքներու հիմնադիր Թիէրի Մալրէիին եւ իր գործընկերներուն, որոնք հաւանութիւն տուած էին այս ձեռնարկի Շամոնէ դուրս կազմակերպման համար ու որպէս վայր ընդունելի նկատած՝ Հայաստանը։

Արմէն Սարգսեանի առընթեր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ելոյթ մը ունեցաւ հաւաքի սկիզբին։ Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Դիլիջանի մէջ համախմբուած էին նախկին ու ներկայ պետական եւ քաղաքական գործիչներ, յայտնի վերլուծական կեդրոններու, բարձր փորձագիտութիւններու ոլորտի աշխարհահռչակ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, գործարարներ եւ ձեռնարկատէրեր, որոնք ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնն ու գաղափարները։ Անոնք անդրադարձան աշխարհի մէջ կատարուող գործընթացներուն եւ վերոյիշեալ ոլորտներէ ներս զարգացման միտումներուն։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս աշխարհի զանազան երկիրներէ Հայաստան մեկնած հիւրերուն հետ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս առթիւ ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կը վերաբերէին թէ՛ այս գագաթաժողովին եւ թէ զանազան ոլորտներէ ներս Հայաստանի հետ համագործակցութեան։

Երկօրեայ հաւաքի ընթացքին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցան զանազան թեմաթիք քննարկումներ։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկան աշխարհաքաղաքական զարգացումներ, բարձր փորձագիտութիւնները, արհեստական բանականութիւնը, չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը, ձեռնարկատիրութիւնն ու նորարարութիւնները, 21-րդ դարու ղեկավարութիւնն ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը, արժութային եւ ներդրումային քաղաքականութիւնը, աշխարհի առջեւ ծառացած զանազան ռիսքերն ու մարտահրաւէրները։

Իսկապէս յագեցած ծրագրով այս գագաթաժողովը արդարացաւ բոլոր առումներով։ Մասնակիցներու շարքին էր Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Տոմինիք տը Վիլփէն։ Այս վերջինը ընդգծեց, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն վերջ ձեւաւորուած աշխարհակարգը ներկայիս փուլ կու գայ եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը զիրար հասկնան նոր աշխարհի մը ճանապարհին։

Դիլիջանի հաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Սա դար մըն է, ուր տեղի պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի փառաւոր վերածնունդը»։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ ընդգծեց, որ «Մտքերու գագաթաժողով»ը Հայաստանի համար աշխարհի մասին շատ կարեւոր հարցերու պատասխանները ստանալու հարթակ մըն է։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019