ՔԻՉ ԵՆՔ, ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՆՔ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը երէկ երեկոյեան փառաշուք հանդիսութիւնով մը նշուեցաւ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահի երդիքին տակ։ Այս յոբելեանին առթիւ Երեւանէն քաղաքս հրաւիրուած էր «Կոմիտաս» ազգային քառեակը, որ իսկապէս երազային երեկոյթ մը պարգեւեց այն մօտաւորապէս հազար ունկնդիրներուն, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին համերգասրահը։ «Կոմիտաս» ազգային քառեակի այս բացառիկ համերգը վստահաբար ներկաներու յիշողութեան մէջ կը մնայ անջնջելի։ Արդարեւ, մաէսթրօ Էտուարտ Թադեւոսեան եւ իր նուագակից ընկերները՝ Սիւզի Երիցեան, Ալեքսանտր Կոսեմեան եւ Անժելա Սարգսեան անկրկնելի ու գերազանց կատարողական վարպետութեամբ գործադրեցին իրենց յայտագիրը։ Երեկոյթը բոլոր ներկաներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց թէ՛ գեղարուեստական որակով եւ թէ չափազանց բարձր տրամադրութիւնով։ Ձեռնարկի արձանագրած բացառիկ յաջողութեան մէջ դեր ունեցան նաեւ դաշնակահարներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու, որոնք ծրագրի զանազան փուլերուն նուագակցեցան քառեակին։

Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեցին շուրջ հազար հանդիսատես՝ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ սա այնպիսի մթնոլորտ մըն էր, որ հայկական դիւանագիտութեան տեսակէտէ իսկական ձեռքբերումի մը վերածուեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլի հիւրերու շարքին էին ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքու, Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութեան ամբողջ վերնախաւը, քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած զանազան երկիրներու աւագ հիւպատոսներ կամ հիւպատոսարաններէ ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ դիւանագէտներ, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Յունաց Պատրիարքարանէն ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, երեսփոխան Կարօ Փայլան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ վարիչներ, փոքրամասնական համայնքներէ ներկայացուցիչներ, գործարարներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Քարոլին Մամիկոնեանի եւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի։ Բացման խօսքը արտասանեց Սահակ Սարգսեան, որմէ վերջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ դեսպան Քոմանեսքու։ Ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Արա Գօչունեան, որ կը գլխաւորէր կարգադիր յանձնախումբը։ Մշտական ներկայացուցչութիւնը այս երեկոյթը պատեհ առիթ նկատած էր՝ իր երախտիքը յայտնելու համար բոլոր այն հաստատութիւններուն կամ անհատներուն, որոնք անցեալ երկու տասնամեակներուն համագործակցած էին իր հետ կամ աջակցած։ Այսպէս, յուշանուէրներ ստացան՝ դեսպան Քոմանեսքու, դեսպան Թամէր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն Վետաթ Քարա, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, մեր երէց բարերարներէն Արէտ Երկանեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, ՍԾՏՀԿ-ի Գործարար խորհուրդի մօտ Հայաստանի նախկին ներկայացուցիչներէն Սամսոն Էօզարարատ, Թուրքիա-Հայաստան գործարարութեան զարգացման խորհուրդի համանախագահ Նոյան Սոյաք, մեր համայնքէն Տիգրան Ալթուն եւ Նազար Պինաթլը եւ յանուն կարգադիր յանձնախումբի Արա Գօչունեան։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ մեր երէց բարերարներէն Հայկ Ասլանեանի եւ ձեռնարկի աջակիցներէն «FlyOne Armenia» ընկերութեան համար։

Այս բաժնէն վերջ հանդիսատեսները ծափահարութիւններով ողջունեցին «Կոմիտաս» ազգային քառեակը, որ աւելի քան ժամ մը բոլորին ուշադրութիւնը մագնիսացուց՝ ունկնդիրներուն պարգեւելով երաժշտական անկրկնելի ապրումներ։ Բեմին վրայ իսկապէս յատկանշական պատկեր մը կը պարզուէր, երբ դաշնակահարներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու հանդէս կու գային՝ որպէս տեղացիներ, դրսեւորելով նոյնպէս բարձր կատարողական կարողութիւններ։

Համերգի աւարտին դարձեալ ծափահարութիւններու տարափ մը տեղի ունեցաւ համերգասրահին մէջ՝ մինչ Հայաստանի ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան եւ կարգադիր յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ ծաղկեփունջեր յանձնեցին իգական սեռէ արուեստագէտներուն։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ CRR-ի համալիրէն ներս սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շարունակուեցաւ խանդավառութիւնը, մինչ շատեր հնարաւորութիւն ունեցան «Կոմիտաս» քառեակը շրջապատելու, հիացմունք արտայայտելու եւ լուսանկարուելու։ Հրաժեշտի փուլին բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը՝ ապագայ յաջողութիւններ եւ յարատեւութիւն մաղթելով Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան գործունէութեան համար։

Հարկ է նշել, որ «Կոմիտաս» ազգային քառեակը այս առաւօտ արդէն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Իսթանպուլէն հրաժեշտ առաւ նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ յատկապէս այս համերգին համար փութացած էր քաղաքս։

Երէկուան համերգի կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին Սէրտա Արսլան, Լենա Ենիեորկան, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Գարէն Թերզեան, Սելին Թովմասեան, Լարա Թոքատլըօղլու, Քարոլին Մամիկոնեան, Լիանա Մարաշլեան, Ազնիւ Մեծատուրեան, Սօնա Մենթեշէ, Նաժտա Շատեան, Թալին Սիւզմէ, Թալին Փափազեան, Լեռնա Փափազեան, Սարէմ Շէշէթեան-Քիւլէկէչ, Արա Գօչունեան, Արթիւր Պաղտասարեան, որոնք աշխատած էին Սահակ Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ՝ համագործակցելով Նաղաշ Յակոբեանի եւ ներկայացուցչութեան քարտուղարուհի Էրլին Իսփիրօղլուի հետ։

   

    

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022