ԻՐԱՆԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Իրանի Ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկու հարեւան երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու ընդլայնման վերաբերեալ հարցերը։ Կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծեցին յարաբերութիւններու զարգացման թափը, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութեան յագեցած օրակարգը։ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ համատեղ ջանքերով կարելի պիտի դառնայ յառաջիկային լիարժէք կեանքի կոչել երկկողմանի կապերու մեծ ներուժը։

Հանդիպումներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային նշանակութեամբ՝ երկուստեք հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը հարցերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018