ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԷՏԵԱՐՈՎ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով վաղը հանդիպում մը պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։

Հարկ է նշել, որ սա պիտի ըլլայ Մնացականեանի եւ Մամէտեարովի առաջին պաշտօնական հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018