ՏԱՐՕՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՆ

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ի վեր Տարօն Մարգարեան դարձած էր ընդդիմադիր ուժերու թիրախը։ Երբ այդ ընդդիմադիր ուժերը արդէն եկան իշխանութեան գլուխ, իշխանութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատկանող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կացութիւնը դարձած էր բաւական դժուար։ Այդ իրավիճակին մէջ ան երէկ հրաժարական ներկայացուց՝ հրապարակելով նաեւ հրաժեշտի պատգամը։

Միւս կողմէ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանն ալ երէկ իր հրաժարականը ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Ան անցեալ շաբաթ հարցաքննուելէ վերջ ազատ արձակուած էր։ Հրաժարեալ գործադիր տնօրէնը պատգամ մը հրապարակելով ներողութիւն խնդրեց հիմնադրամի բոլոր նուիրատուներէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018