ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ, ԹՈՒՐՔԻԱ
Սիրելի Սրբազան,
Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումար ժողովի ատենապետի յուլիս 4, 2019 թուակիր գրութենէն գոհունակութեամբ տեղեկացանք, որ ամսոյս 4-ին Կ. Պոլսոյ մէջ գումարուած համագումար ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ Ձեզ ընտրած է պատրիարքական տեղապահ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորանքները կը բերենք Ձեզի Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական տեղապահ ընտրուելու կապակցութեամբ։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը ուժ ու կարողութիւն պարգեւէ Ձեզի ամենայն իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ իրականացնելու Ձեզի վստահուած կարեւոր այս առաքելութիւնը, որպէսզի Կ. Պոլսոյ հայոց նուիրական աթոռը օժտուի նոր գահակալով՝ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն Կ. Պոլսոյ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Թող Տէրը օգնական եւ զօրավիգ ըլլայ Ձեզի շնորհելով քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ հոգեւոր Ձեր ծառայութեան մէջ։
Սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
*
Բացի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորականէն, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին շնորհաւորական մըն ալ հասած է Անթիլիասէն։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շնորհաւորած է նորին սրբազնութեան ընտրութիւնը։ «Ձեզի վստահուած այս կարեւոր պատասխանատուութիւնը կը զուգադիպի Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատմութեան մէկ զգայուն ժամանակաշրջանին։ Վստահ ենք, որ խոհեմութեամբ եւ իրապաշտ ու ծրագրուած մօտեցումով պիտի կարենաք ի գլուխ ածել Ձեզի վստահուած յոյժ կարեւոր պարտաւորութիւնները եւ շուտով իրագործել նոր պատրիարքի ընտրութիւնը», յայտնած է այս առթիւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը՝ աղօթելով առ Աստուած, որ տեղապահ սրբազանին պարգեւէ քաջառողջ կեանք, աննկուն կամք ու կորով, որպէսզի ան նուիրումով ծառայէ Պատրիարքական Աթոռին եւ անոր հաւատարիմ հօտին։
Միւս կողմէ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ կ՚ընդունի նաեւ շնորհաւորական այցելութիւններ համայնքային զանազան կառոյցներու ղեկավարութեանց կողմէ։ Այսպէս, Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Մայր եկեղեցւոյ թաղականներուն առընթեր, երէկ տեղապահ սրբազան հօր կողմէ ընդունուեցան նաեւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արման եւ իր գործակից ընկերները։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ տեղապահ սրբազան հայրը ուրախութիւն յայտնեց եւ թաղականներուն իր օրհնութիւնը փոխանցելով՝ յղեց յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ։