ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հաւաքի մը մասնակցեցան Սլովաքիոյ մէջ։ «Անցեալի գործողութիւններէն ապագայ կանխարգիլման. ԵԱՀԿ-ի դերը կայունութիւնը խթանելու գործին մէջ Եւրոպայէ ներս եւ անդին» խորագրեալ հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ աւելի քան երկու տասնեակ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ եւ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներու ղեկավարներ։ Հարկ է նշել, որ Սլովաքիան ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։

Երէկուան անպաշտօն հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։ Մարդու իրաւանց նկատմամբ ընտրովի վերաբերմունքը անընդունելի համարելով՝ Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ.

«ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս մենք ունինք հակամարտութիւններ։ Մենք պէտք է մարդու իրաւանց պաշտպանութեան նկատմամբ որդեգրենք կարգավիճակով չպայմանաւորուած մօտեցում։ Կան վայրեր, ուր մարդիկ կը ջանան խթանել մարդու իրաւունքները, սեփական ուժերով ստեղծելով համապատասխան կառոյցներ, որովհետեւ չեն վայելեր այն աջակցութիւնը, որ ունին շատեր։ Անընդունելի է, երբ մէկ պարագայի մէջ սա տեղի կ՚ունենայ, իսկ մէկ այլ պարագայի մէջ՝ ոչ։ Մարդու իրաւունքները պայմանաւորուած չեն կարգավիճակով։ Մենք պէտք է ընդունինք սա եւ գտնենք անհրաժեշտ դրութիւնը՝ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը ԵԱՀԿ-ի ամբողջ տարածքէն ներս տարածելու համար։ Եւ, ի հարկէ, ես նկատի ունիմ նաեւ Արցախը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը վերաբերի մարդոց։ Ան մարդոց մասին է, անոնց կենսական, ֆիզիքական անվտանգութեան մասին։ Սա կը գտնուի մեր մօտեցման առանցքին։ Ես կը փափաքիմ նաեւ այս համատեսքին մէջ նշել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը, որու շրջանակներէն ներս մենք կը փորձենք գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը»։

ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ

Սլովաքիոյ Վիսոքէ Թաթրի քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նախարարներու անպաշտօն հաւաքը, Զօհրապ Մնացականեան երէկ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյնն էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Լաւրով անդրադարձ կատարեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Բաց աստի, նախարարները խօսեցան հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգի, երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու շուրջ։

Բացի Լաւրովէն, Զօհրապ Մնացականեան հանդիպումներ ունեցաւ Շուէտի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակի տնօրէնուհիին հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019