ԱԼԻԵՒԻ «ՕԳՏԱԿԱՐ ԹՇՆԱՄԻԻ» ԿԵՐՊԱՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան քննադատած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ խօսած՝ իր երկրի բանակցային գործընթացէ դուրս գալու հաւանականութեան մասին։ Այս բոլորի կապակցութեամբ բանբերը ըսաւ. «Հակահայկականութիւնը Ալիեւի իշխանութեան պաշտպանութեան վերջին գիծն է»։
Աննա Նաղդալեան յիշեցուց, որ քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանէ ներս քորոնաժահրի տարածման ուղղութեամբ կը չարախնդար Ալիեւ, որ այսօր մեկուսացման մէջ գտնուող իր հասարակութեան դիմելու այլ խօսք չունի, քան «օգտակար թշնամիի» կերպարի յառաջբերումը։ «Հակահայկականութիւնը Ալիեւի իշխանութեան պաշտպանութեան վերջին գիծն է եւ այս բանի ետեւը թաքնուիլը լաւագոյնս կը բնութագրէ Ատրպէյճանի մէջ զարգացող ներքին ճգնաժամի յուսահատ տրամադրութիւնները», ըսաւ Նաղդալեան։
Բաց աստի, բանբերը ըսաւ. «Զաւեշտալի է, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներու, մարդու իրաւանց եւ ազատութիւններու մասին գնահատականներ կու տայ ղեկավարը երկրի մը, ուր քաղաքական եւ տնտեսական իշխանութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը գտնուի ընտանիքի մը ձեռքը եւ այդ մէկը միջազգային ասպարէզի վրայ կը բնորոշուի որպէս ճնշող վարչակարգ։ Յատկանշական է, որ նախագահ Ալիեւ թշնամական եւ ցեղապաշտական իր մեկնաբանութիւններով անպատասխանատու վերաբերմունք եւ արհամարհանք կը դրսեւորէ նախեւառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ շաբաթ մը առաջ կատարուած յայտարարութեան դէմ, որ կը պարունակէր մտահոգութիւն թշնամական եւ սադրիչ հռետորաբանութեան առընչութեամբ»։
Եզրակացնելով իր մեկնաբանութիւնը՝ Աննա Նաղդալեան Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու վերջերս տեղի ունեցած համատեղ ժողովի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած հետեւեալ յայտարարութիւնը մէջբերեց. «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը անժամկէտ հայ-ատրպէյճանական լայնածաւալ թշնամութեան վերածելու գործը, ուր մեր ժողովուրդները կը վիճարկեն ամէն ինչ՝ անցեալը, ներկան, ապագան եւ ամբողջ տարածքաշրջանը, վստահ եմ, չի բխիր թէ՛ հայ եւ թէ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն»։