ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ…

Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։

Ճաբոնցի մը լուսանկարած եւ իր ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած է Թոքիոյի մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, սակայն դիտարժան տեսարանը ոչ թէ կառոյցն է, այլ շէնքի երկարութեամբ աճող կանկատունկը:

Լուսանկարները հրապարակումէ յետոյ մեծ տարածում գտած են։ Օգտատէրերէն շատեր սկսած են հետաքրքրուիլ, թէ արդեօք ան «աշխարհի ամենաերկար կանկատո՞ւնկն է»:

Ինչպէս կը տեսնէք լուսանկարին մէջ, հաւանաբար կանկատունկը խնամող մը ունի, քանի որ երկար ցօղունը մետաղեայ օղակներով ամրացուած է պատին, որպէսզի բոյսը չիյնայ իր ծանրութեան պատճառով: Բաց աստի, կանկատունկի փուշերը հանուած են՝ պատահական վնասուածքներէ խուսափելու համար:

Յամենայնդէպս, ոչ ոք տեղեակ է, թէ ո՞վ կը խնամէ բոյսը կամ ան որքա՞ն հին է: Շէնքի երկարութիւնը մօտաւորապէս 10 մեթր է, իսկ կանկատունկի երկարութիւնը գերազանցած է կառոյցի բարձրութիւնը:

Այնուամենայնիւ, «Կինէս»ի մրցանակներու գիրքին մէջ ընդգրկուած ամենաբարձր կանկատունկը արձանագրուած է 1995 թուականին: Ան կը գտնուի Մեքսիկայի մէջ, իսկ երկարութիւնը 19.2 մեթր է:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020