ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ՓՈՔՐ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻՆ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս նոր դէպքերը փոքր թափով կը նուազին։

Երէկ երեկոյեան նախարարը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 50 հազար 103 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1024 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 2879։ Ներկայ պայմաններով 1179 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներու թիւն է 399։

Ցայսօր 209 հազար 962 դէպք արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ, իսկ վերջին տուեալներով առողջացածներու ընդհանուր թիւն է՝ 190 հազար 390։ Երէկուան դրութեամբ առողջացած հիւանդներու թիւը նոր վարակեալներու կրկնապատիկէն աւելի բարձր է։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ դիմակի օգտագործման եւ ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանման շնորհիւ նոր պարագաները փոքր թափով նուազիլ կը շարունակեն։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020