ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԶՆՈՑԸ

ՆԱՍԱ-ն քորոնաժահրէն «պաշտպանող» վզնոց մը ստեղծած է, որ ամէն անգամ կը թրթռայ, երբ անոր տէրը կը փորձէ ձեռքը դէմքին տանիլ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը՝ ՆԱՍԱ, քորոնաժահրի դէմ վզնոց մը ստեղծած է։ Այս վզնոցը ամէն անգամ կը թրթռայ, երբ անոր տէրը կը փորձէ ձեռքը դէմքին դպցնել, որով, ինչպէս գիտենք, կը բարձրանայ քորոնաժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը։

Այս նորաստեղծ «զարդը» տպուած է 3D տպիչով։ Ան կարմիր լէյզըրի մը միջոցով կը նկատէ դէմքին չափազանց մօտ տարուած ձեռքը։ Սարքի ներքին մասը գտնուող փոքր շարժիչը երբ կը նկատէ ձեռքի շարժումը, անմիջապէս կը սկսի թրթռալ։ Այս ձեւով սարքը ստեղծողները կը փորձեն աչքերու, քիթի, դէմքի միջոցով քորոնաժահրի՝ մարդու մարմին ներթափանցումը կանխել։

ՆԱՍԱ-էն մանրամասնած են, որ այդ վզնոցները դիմակներու եւ անհատական պաշտպանութեան այլ միջոցներու հետ միասին պէտք է օգտագործել՝ քորոնաժահրէն առաւելագոյնս պաշտպանուելու համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020