ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը այսօր ի մի կը բերէ Ուաշինկթընի մէջ։ Սա արդէն սպասուած հանդիպում մըն է, քանի ԱՄՆ-ի կողմէ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին համար Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հրաւէրը շատ հաւանական դարձուցած էր այս ժամադրութիւնը։ Ուրեմն, Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ դարձեալ տեղի կ՚ունենայ ուղիղ շփում մը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կը շարունակուի Հայաստան-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը։

Երէկ, Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովը՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ներկայ է դաշնակիցներու հաւաքին։ Սպիտակ տան մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութիւնը համախմբեց ինչպէս դաշնակից երկիրներու ղեկավարները, այնպէս ալ գագաթաժողովի միւս մասնակիցները։ Այս վերջիններու շարքին, Միրզոյեանի եւ Պայրամովի առընթեր կը գտնուի նաեւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի։ Այսինքն, Հարաւային Կովկասը ուխտի անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։ Մինչ այդ Միրզոյեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին յարակից կազմակերպուած՝ «Կանայք, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» խորագրեալ միջոցառման։ Արարատ Միրզոյեան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ գործընկերներուն հետ հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըրն ալ կը շարունակէ Երեւանի շփումները։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ընդունեց ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Փաուըրին հետ քննարկեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրականացման հեռանկարները։ Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն հարցերը։

Փաուըր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի բարձր թեքնոլոժիք արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024