ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի պայթումով ստեղծուած ահաւոր կացութիւնը համայն հայաշխարհը շարժման անցուցած է՝ զօրակցելու համար լիբանանահայութեան։ Մինչ ամէնուրեք հանգանակութիւններու ձեռնարկուած է, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ առկայ ծանր իրավիճակին մէջ կը փութայ Լիբանանի օժանդակութեան։ Հայաստանի կողմէ նախատեսուած օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը արդէն օդային ճամբով հասած է Պէյրութ։ «Արմենիա» օդանաւը եւս երկու թռիչք պիտի կատարէ՝ նախատեսուած օժանդակութիւնները փոխադրելու համար։

Այս շօշափելի զօրակցութեան առընթեր, Երեւանի ղեկավարութեան եւ լիբանանահայութեան միջեւ սերտ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որով արժեւորեցին վերջին կացութիւնը։

Հայաստանի Սփիւռքի գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանն ալ շաբաթավերջին այցելեց Պէյրութ։ Ան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Յանձնակատարը այցելեց նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու կեդրոնները։ Լիբանանահայութեան աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ ալ բազմաբնոյթ շփումներ ունեցաւ Զարեհ Սինանեան, որ տեղւոյն վրայ ընդհանուր տեղեկութիւններ քաղեց առկայ կարիքներուն շուրջ։

Միւս կողմէ, ըստ Երեւանէ հասած լուրերուն, կան քանի մը տասնեակ լիբանանահայեր, որոնք ներկայ դժուարին իրավիճակին մէջ կը փափաքին հաստատուիլ Հայաստան։ Երկրի ղեկավարութիւնը պատրաստութիւններ կը տեսնէ զանոնք ցուցակագրելու եւ պատշաճը տնօրինելու նպատակով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020