ՖՈՒԱՏ ՕՔԹԱՅ ԵՒ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայ եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին Լիբանան այցելեցին՝ Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս պատահած ահաւոր պայթումի մթնոլորտին մէջ։ Լիբանանի կտրուածքով ապրուած իրադարձութիւնները կը շարունակեն Անգարայի անմիջական ուշադրութեան առարկայ մնալ եւ այս իրավիճակին մէջ թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցելութիւնը ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։ Պէյրութի մէջ Ֆուատ Օքթայ եւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդունուեցան Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի կողմէ։

Երկրի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պէյրութի աւերուած նաւահանգիստը։ Այս փուլին Ֆուատ Օքթայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ի նպաստ Լիբանանին։ Ան ընդգծեց, որ մինչեւ նաւահանգիստի վերականգնուիլը Թուրքիա հետեւողական ձեւով պիտի բերէ իր ներկայութիւնը բոլոր գործընթացներուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020