ԹԻՖԼԻԶ ԿԸ ՁԳՏԻ ԿԱՊԵՐԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԱՆԳԱՐԱՅԻ, ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Թիֆլիզի դիւանագիտութեան հիմնական ուղղութիւններէն մին պէտք է ըլլայ հարեւանութեան արդիւնաւէտ քաղաքականութեան մը հետամուտ ըլլալը։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տասնամեայ ծրագրի ներկայացման ընթացքին վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի երեք հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։

Ան յիշեցուց, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայ զինուորներու խումբ մը ազատ արձակուեցաւ Վրաստանի յաջող միջնորդական ջանքերով, որոնց շնորհիւ հայկական կողմն ալ փոխանցեց շարք մը ականապատուած տարածքներու կարեւոր քարտէսները։

«Սա յաջող նախադէպ մըն է, որ ստեղծեցինք մենք բոլորս՝ երեք հարեւան երկիրները։ Մեր հիմնական ուղղութիւններէն մին պէտք է ըլլայ, որ Վրաստան իսկապէս դառնայ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան նախաձեռնողներէն մին եւ ապագայ զարգացման ամուր հիմքը։ Այն հարթակը, որ մենք կրնանք առաջարկել մեր բարեկամ ու հարեւան երկիրներուն, պէտք է զարգացնել եւ մենք պէտք է աւելի աշխոյժ ըլլանք այդ ուղղութեամբ», յայտնեց Իրակլի Ղարիպաշվիլի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021