ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՖԻԼԻՓ ՌԻՔԵՐԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ, Կովկասի հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի նորանշանակ աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ այս օրերուն կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային այցելութիւն մը, որու շրջանակներէն ներս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչուող հարցերու լայն շրջանակ մը։ Շեշտուեցաւ ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կառոյցի ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման համատեսքին մէջ։

Նախարար Միրզոյեան Ֆիլիփ Ռիքերի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն՝ այս ամբողջին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պատանդներու անյապաղ վերադարձին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Երեւան այցելութեան առթիւ Ֆիլիփ Ռիքեր այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ ամերիկեան դեսպանութեան պաշտօնատարներուն ընկերակցութեամբ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022