ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուրք զինեալ ուժերը երէկ յետմիջօրէի դրութեամբ ծաւալուն գործողութիւններու ձեռնարկեցին Սուրիոյ մէջ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր երկար ժամանակէ ի վեր, բանակը շարժման անցաւ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու եւ Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու համար։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յետմիջօրէի ժամերուն Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին վերջնական հրահանգը տուաւ եւ այսպէսով սկիզբ առաւ բանակին գործողութիւնը, որ կը կոչուի «Խաղաղութեան ակ»։ «Մեր նպատակը յայտնի է եւ յստակ։ Ահաբեկչական միջանցքը պիտի քանդենք եւ առաջ Աստուած խաղաղութեան միջանցք մը պիտի ստեղծենք», ըսաւ Էրտողան, որ աւելի վերջ գլխաւորեց գործողութիւններու համակարգման ժողովը։

Երէկ առաջին հերթին ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծումներ կատարեցին՝ շուրջ 30 քիլօմեթր խորանալով Սուրիոյ սահմանէն ներս։ Գիշերուան ժամերուն ալ սկսաւ ցամաքային գործողութիւնը։ Զօրքերու յառաջխաղացումը սկսաւ օղակաձեւ գործողութիւնով մը՝ չորս թեւերով։ «Անատոլու» գործակալութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ ցարդ 180 թիրախներ արդէն ոչնչացուած են։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, գործողութիւններու սկսելէն առաջ նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի նպաստեն Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ ճանապարհ պիտի հարթեն տագնապի քաղաքական լուծման համար։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ Էրտողան կը փափաքի սուրիացիներու վերադարձը իրենց երկիրը։ Եթէ Թուրքիան չըլլար, միլիոնաւոր սուրիացիներ պիտի սփռուէին աշխարհով մէկ։ Այսքանով հանդերձ, Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ ԱՄՆ չի խրախուսեր Թուրքիոյ գործողութիւնները ու տեղեկացուցած է, որ սա վատ գաղափար մըն է։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ, որ վաղը պիտի այցելէ Թուրքիա երէկ անդրադարձաւ գործողութիւններուն։ Այսպէս, դաշինքը օրինական կը համարէ՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։ Սթոլթենպերկ յիշեցուց, որ Թուրքիա տուժած է ահաբեկչական սարսափելի յարձակումներու հետեւանքով։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակը միայն ահաբեկչական տարրերը կը թիրախաւորէ։ Մինչ այդ, հանրային կարծիքը, ամբողջ հասարակութիւնը համախումբ ձեւով կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտնեց, որ թիրախը ահաբեկչական միջանցք մըն է։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու ըսաւ. «Մեր աղօթքները մեր հերոս զինուորներուն համար են։ Աստուած պահէ մեր զաւակները եւ անոնց յաղթանակ պարգեւէ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019